2013-06-27 12:13:01

Եւրոպական Միութիւնը Յանձնառու Է Լիբանանի Խաղաղութեան. Քեթրին Էշթըն


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի նահատակներու ընտանիքներուն եւ բանակի հրամանատարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը:
Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի խաղաղութեան, անկախութեան եւ անոր միասնականութեան ու գերիշխանութեան:
Էշթըն կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային բոլոր հաստատութիւններուն` դիմադրելու օրինազանցութեան:
Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ բոլորը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու, ինչպէս նաեւ կառչած մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.