2013-06-27 12:13:27

Բանակը Կը Շարունակէ Ապրայի Ականուած Շէնքերուն Վնասազերծումը Եւ Կը Բացայայտէ Գետնափոր Այլ Փապուղիներ


Ապրայի մէջ ապահովական կայունութիւնը կը մնայ անխախտ եւ Սայտայի մէջ կեանքը կը սկսի վերահաստատուիլ, մինչ բանակը կը շարունակէ Ահմետ Ասիրի ապահովական կղզիին խուզարկումը` բացայայտելով գետնափոր նոր փապուղիներ, որոնք ապահովական կղզին շրջապատող բնակարանային համալիրները զիրար կը կապեն` վնասազերծելով այդ կղզիին շրջակայքը գտնուող ականներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալելով Ասիրի հետեւորդ զինեալներ:
Բանակը բացայայտեց նաեւ գերարդիական տեսախցիկներ (քամերա), որոնք յստակ կերպով ցոյց կու տային բանակի զինուորներուն գտնուած վայրը` զանոնք արձակազինութեան թիրախ դարձնելու նպատակով:
Բանակը յայտնաբերեց զէնքի եւ զինամթերքի երկու պահեստանոցներ, որոնք կը պարունակէին մեծ քանակութեամբ զէնքեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.