Անգարայի Եւ Իզմիրի Մէջ 29 Ձերբակալեալներ. Թրքական Ոստիկանութիւնը Անգարայի Մէջ Ցոյց
Մը Կը Ցրուէ
Թրքական ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Տիքմեն թաղամասին մէջ ցուցարարներ
ցրուեց` օգտագործելով արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց 16
անձեր` Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն իրենց մեղսակցութեան համար: Ոստիկանութիւնը Իզմիրի
մէջ 13 անձեր ձերբակալեց «ահաբեկչական» կազմակերպութեան անդամակցութեան, ոստիկանութեան
դէմ յարձակում գործելու եւ հասարակական կալուածներ քանդելու ամբաստանութեամբ: Թուրքիոյ
մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ թրքական ժողովրդավարութիւնը գովաբանեց,
սակայն յայտնեց, որ թուրքերը պէտք է իրենց հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները ամրապնդելու
աշխատին: