2013-06-27 12:13:36

«Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Պէտք Է Ապահովել» Շեշտեց Փիսթելլի


Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լափօ Փիսթելլի երէկ աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը մեկնեցաւ Լիբանանէն:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փիսթելլի կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին` աւելցնելով, որ Իտալիոյ կարծիքով այս խորհրդաժողովը առաջնահերթութիւն է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եւրոպական երկիրները կը փափաքի՞ն Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ աւելցնել, Փիսթելլի յայտնեց, որ Պուլկարիա, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ այդ պահանջը յետս կոչած են` ընդգծելով, որ այս մասին քննարկումները պէտք է կատարուին հիմնուելով օրինական տուեալներու վրայ:
Փիսթելլի անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման ապահովումը:
Փիսթելլի նաեւ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն զօրակցող իտալական ուժերը պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը եւ պիտի օժանդակեն Լիբանանին:
Ան մամլոյ ասուլիսը եզրափակեց ըսելով, որ ինք լաւատես է Լիբանանի ապագային նկատմամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.