2013-06-26 13:02:46

Չարչարանքի Դէմ Համաշխարհային Գրասենեակը Կը Պահանջէ Որ Չարչարանքը Թէ Օրէնքով Եւ Թէ Գործանականօրէն Արգիլուի։


Չարչարանքի դէմ միջազգային օրուան առթիւ, 25 յունիս, չարչարանքի դէմ համաշխարհային գրասենեակը կոչ ուղղած է աշխարհի պետութիւններուն յարգելու իրենց յանձնառումը եւ պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրելու չարչարանքի դրութիւնը արգիլելու համար։ Ան կը յիշեցնէ որ հակառակ որ 20 տարիներ անցան չարչարանքի դէմ համաձայնագիրին, 1993, տակաւին կը շարունակուի տմարդի ու նուաստացուցիչ չարչարանքի դրութիւնը։ Չարչարանքի դէմ համաշխարհային գրասենեակը կը ճանչնայ որ շատ մը երկիրներ ստորագրած են համաձայնագիրը սակայն իրականութեան մէջ քիչերը զայն կը գործադրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.