2013-06-26 12:53:04

Մամլոյս Սուլիս Ներկայացնելու Վատիկանի Հեռուստակայանի (CTV) եւ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսարանի Հեռուստակայանի Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրը։


Հինգշաբթի 27 յունիսի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ նախատսեուած է մամլոյ աուսլիս մը ներկայացնելու համար Վատիկանի Հեռուստակայանի (CTV) եւ Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսարանի Հեռուստակայանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի հեռուստակայանի ''ստուգիչ գլխաւոր նոր գրասենեակ''ի գործունէութիւնը։
Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Վատիկանի Հեռուստակայանի մատակարարական խորհուրդի նախագահ` գերապայածռ Գլաուտիօ Մարիա Զելլի, հեռուստակայանի գործադիր տնօրէն` գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ, Տիար Խուլիո Րիմոլտի Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսարանի հփռուստակայանի տնօրէն եւ տիար Սդէֆանօ Տ՛ակոսդինի Վատիկանի Հեռուստակայանի աշխատակից։








All the contents on this site are copyrighted ©.