2013-06-26 12:18:35

Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Նման Երկիրներու Խոհեմութիւնը Պիտի Նպաստէ Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Վերականգնման» Կ՛ըսէ Ռուհանի


«Փրես Թի.Վի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի յոյս յայտնած է, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նման շրջանային երկիրներու խոհեմութիւնը կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման նպաստել:
«Իրանի արտաքին քաղաքականութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է շրջանին ու դրացի երկիրներուն ուշադրութիւն դարձնել, եւ (այս հարցը) նոր վարչակազմին համար իւրայատուկ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնէ», ըսած է Ռուհանի:
Իրանի նորընտիր նախագահը այս արտայայտութիւնները ունեցած է ի պատասխան իր նախագահ ընտրուելուն առիթով Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին իրեն յղած շնորհաւորագիրին:







All the contents on this site are copyrighted ©.