2013-06-26 12:18:43

Էրտողան Եւ Օպամա Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերու Եւ Ազատ Մամուլի Հարցերը Կը Քննարկեն


«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24 յունիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ «երկարատեւ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:
Սպիտակ տունը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Էրտողան ներկայացուցած է կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ, ուր 31 մայիսէն ի վեր ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողան Օպամային տեղեկութիւններ տուած է Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն վերաբերեալ: Երկու ղեկավարները ընդգծած են որեւէ երկրի համար խօսքի ազատութեան եւ բռնութիւն չպարունակող ցոյցեր ու հաւաքներ կատարելու կարեւորութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «երկու ղեկավարները քննարկած են բռնարարքներէ զերծ մնալու, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան, հաւաքի եւ ազատ մամուլի կարեւորութիւնը»: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իր կարգին յայտնած է, որ զրոյցը շատ դրական էր:
Երկու ղեկավարները նաեւ քննարկած են Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ սուրիական ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու հարցը:
Սպիտակ տունը յայտնեց, որ երկու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ հարցը, «ներառեալ` վարչակարգին կողմէ իր սեփական ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործումը»: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որ շարք մը պաշտօնատարներ երկարատեւ նկատեցին, նաեւ կեդրոնացած է թուրք-ամերիկեան հասարակաց «յանձնառութեան վրայ` ձգտելու քաղաքական լուծումի մը (եւ) ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելուն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.