2013-06-26 12:52:42

Եւրոպայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիները Կ'ողջունեն Եւրոպական Միութեան Որդեգրած Կրօնական Ազատութեան Ուղեգիծը։


Եւրոպայի արտագին գործոց նախարարութիւններու խորհուրդը անցեալ 24 յունիսին կրօնական ազատութեան մասին նոր ուղեգիծ մը որդեգրած է։ Եւրոպաի Միութեան 27 պետութիւնները միաձայնութեամբ ստորագրած են ''կրօնական ազատութիւնը'' սահմանող ուղեգիծը ու անոր պատշաճօրէն ու յարատեւօրէն յարգելու ու պաշտպանելու պայմանները։
''Կարեւոր քայլ մը դէպի Կրօնի Ազատութեան ճանաչումը որ եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան համար առաջնահերթութիւն ըլլալու է'' յայտարարած է Եւրոպայի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու միացեալ յանձնախումբի ''Եկեղեցի եւ ընկերութիւն'' գրասենեակը։
Եւրոպայի արտագին գործոց նախարարութիւններու խորհուրդը նկատի առնելով յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած նեղութիւնները, մասնաւորապէս 2010-ին քրիստոնեաներու դէմ կատարուած մահափոձերը` նախ Իրաք, ապա Եգիպտոս եւ հուսկ ''արաբական գարունը'' կոչուած ալիքին ընթացքին, ուղեգիծ մը որդեգրած են հայող կրօնական ազատութեան։ Յայտնենք որ նախապէս Եւրոպայի արտագին գործոց նախարարութիւններու խորհուրդը որդեգրած է մահապատիժի դէմ, չարչարանքի դէմ ու մանուկներու իրաւունքներու ի նպաստ համաձայնագրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.