2013-06-25 12:25:24

''Քրիստոնեայ Ըլլալ Սիրոյ Կոչ Մըն Է Եւ Ոչ Պատեհութիւն'' Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իր Քարոզին Մէջ։


Երեքշաբթի 25 յունիսի առաւօտեան` Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոցին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընգծեց թէ ''Քրիստոնեայ ըլլալը պատեհութիւն մը չէ այլ սիրոյ կոչ մը, կոչ` դառնալու Աստուծոյ զաւակներ։'' Ան ապա վերահաստատեց թէ Քրիստոնեային ապահովութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ որ ''Տէրը երբեք մինակ չի լքեր զմեզ եւ մեզմէ կը խնդրէ յառաջ ընթանալ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Տէրը հաւատարիմ է ինչպէս եղաւ հաւատարիմ Աբրահամի հետ։'' Քահանայապետը քարոզը եզրափակեց հայցելով որ ''Տէրը մեզի բոլորիս շնորհէ յառաջ երթալու իղձը զոր ունեցաւ Աբրահամ, հակառակ դժուարութիւններուն։ Յառաջ երթալ այն ապահովութեամբ որ Ան զիս կանչեց եւ ինծի շատ գեղեցիկ բաներ խոստացաւ ու իմ հետս է'':








All the contents on this site are copyrighted ©.