2013-06-25 11:52:48

Քաթարի Իշխանը Այսօր Կը Յայտարարէ Իշխանութիւնը Յանձնելու Իր Որոշումը


Քաթարի իշխանական պալատը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան Համատ Պըն Ժասեմ Ալ Թանի այսօր առաւօտ պիտի յղէ պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ իշխանութիւնը իր որդիին` Թամիմին յանձնելու հարցին:
Պալատը նաեւ յայտնեց, որ այսօր եւ վաղը պիտի հիւրնկալէ քաղաքացիները, որոնք իրենց հաւատարմութիւնը պիտի յայտնեն նոր իշխանին:
Նշենք, որ շէյխ Համատ երէկ հանդիպում ունեցաւ երկրին իշխող ընտանիքի անդամներուն հետ եւ անոնց փոխանցեց իշխանութիւնը իր որդիին յանձնելու որոշումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.