2013-06-25 11:51:57

Սայտայի Մէջ. Շէյխ Ասիրի Զինեալները Թիրախ Կը Դարձնեն Բանակը. Բանակը Վճռակամութիւն Կը Ցուցաբերէ Ասիրի Երեւոյթը Արմատախիլ Ընելու Իմաստով


Սայտայի մէջ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր տիրող լարուածութենէն եւ զգուշաւոր հանդարտութենէն ետք, երէկ կէսօրէ ետք ստեղծուեցաւ պատերազմական վիճակ մը, որուն պատճառը բանակին դէմ հասած հարուածն էր:
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի կողմէ բանակին դէմ անոր տարածած գրգռութիւններուն պատճառով երէկ շէյխ Ասիրի հետեւորդ ահաբեկիչները լիբանանեան բանակին կռնակէն հարուած մը իջեցուցին` յարձակելով իրենց ապահովական խարիսխին մօտ գտնուող բանակի անցարգելի մը վրայ եւ սպաննելով ու վիրաւորելով անոր սպաներն ու զինուորները, ինչպէս նաեւ նռնականետերու եւ հրթիռներու թիրախ դարձնելով բանակին մեքենաները:
Սայտա երէկ քանի մը վայրկեանի ընթացքին վերածուեցաւ պատերազմի դաշտի, որուն ընթացքին շէյխ Ասիրի զինեալներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ:
Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» եւ «Պէ. 7» տիպի նռնականետեր, ինչպէս նաեւ հրասանդեր: Արձանագրուեցաւ նաեւ արձակազինութիւն:
Ասիրի հետեւորդները առանց պատճառի կրակ բացին բանակին վրայ եւ սպաննեցին անոր սպաներն ու զինուորները:







All the contents on this site are copyrighted ©.