2013-06-25 11:53:01

Հայաստան Իր Առաջին Արբանեակը Ծիրի Վրայ Պիտի Դնէ


astrowatch.net կայքէջը` իր տեղեկութիւնը քաղելով «ՌԻԱ-Նովոսթի»-էն, կը հաղորդէ, որ Հայաստանի կառավարութենէն պաշտօնատար մը ուրբաթ օր յայտնած է, որ Հայաստան իր սեփական արբանեակը ծիրի վրայ պիտի դնէ: Փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեանց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Գագիկ Գրիգորեան յայտնած է, որ «Արմքոզմոս» անունով նորաստեղծ ընկերութիւն մը ներկայիս աշխուժօրէն կ՛աշխատի նշեալ արբանեակին համար ծիրի մը արձանագրութեան համար: Գրիգորեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան յայտնած է, որ Հայաստանի անջրպետային ծրագիրը կ՛արժէ 250 միլիոն տոլար, եւ այդ գումարին մէկ բաժինը պիտի հոգան սեփական ներդրողներ:
Պաշտօնատարը արբանեակի արձակման վերաբերեալ որոշ թուական մը չէ նշած եւ «Արմսաթ» կոչուելիք արբանեակի ծառայութեան բնոյթին մասին տեղեկութիւն չէ փոխանցած: Ան բաւարարուած է նշելով, որ անիկա պիտի օգտագործուի առեւտրական գետնի վրայ: Հայաստան ներկայիս հաղորդակցութեան արբանեակներու համար երկու ծիրի դիրքերու իրաւունք ունի:
Նախկին խորհրդային 15 հանրապետութիւններէն վեցը արդէն իրենց արբանեակները ծիրի վրայ դրած են: Անոնց շարքին է Ազրպէյճան, որ փետրուարին «Ազերսփէյս-1» անունով հաղորդակցութեան իր առաջին արբանեակը ծիրի վրայ դրաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.