2013-06-24 14:32:06

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ճառը '' Հրէական Միջազգային Կոմիտէի Միջկրօնական Խորհրդակցութեան '' Անդամներուն։


Երկուշաբթի 24 յունիսի առաւօտեան Վատիկանի մէջ ընդունելով ''Հրէական Միջազգային Կոմիտէի Միջկրօնական Խորհրդակցութեան'' անդմաները ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց զանոնք ''Շալոմ'' բացագանչութեամբ։
Ան ապա ակնարկեց 40 տարիէ ի վեր տեւող երկխօսութեան որ սատարեց հասկացողութեան եւ բարեկամական կապերու ամրապնդումին ընդմէջ Կաթողիկէներու եւ հրեաներու։
ֆրանչիսկոս Պապը վերկոչեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի յայտարարութիւնը որուն մէջ հաստատուած է թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ''ճանչնայ իր հաւատքին արմատները Պատրիարքներու, Մովսէսի եւ Մարգարէներու մէջ'' ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ ատելութիւնները, հալածանքները եւ ամէն տեսակ խտրականութիւնները։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց` իր անձնական բարեկամական յարաբերութիւններուն հրեայ աշխարհին հետ երբ Պուէնոս Այրէս կը գտնուէր ու ապա քաջալերելով երկխօսութեան ուղեւորութիւնը ընդգծեց թէ ''մարդկութիւնը պէտք ունի մեր վկայութեան ի սպաս այր ու կնոջ արժանաւորութեան յարգանքի որպէս Աստուծոյ պատկերներ եւ ի սպաս խաղաղութեան որ Աստուծոյ պարգեւ մըն է''։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց դարձեալ ''Շալոմ - Խաղաղութիւն'' ըսելով ու խնդրելով փոխադարձ աղօթք մէկը միւսին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.