2013-06-24 14:03:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 24 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9,45-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը, ապա ժամը 11-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Մալդայի Հանրապետութեան Վարչապետ` Տիար Ժոզէֆ Մուսքադի, անոր կողակիցին ու իրենց ընկերացող պատուիրակութեան։ Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումին աւարտին Մալդայի Հանրապետութեան վարզապետը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մապերթիի հետ։ Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին խօսուեցաւ Մալդայի Եկեղեցւոյ արմատներու մասին ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան Քահանայապետի եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առաքելական այցելութիւններու մասին, վերահատատուեցան Քրիստոնէական արժէքներու կարեւորութեան եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարին դաստիարակչական եւ օժանդակիչ մարզերէն ներս։ Խօսակցութիւններու նիւթ եղաւ նաեւ դէպի եւրոպայ գաղթականութեան հոսանքի հարցը։
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահնայապետը հուսկ ժամը 11,30-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Խաղաղութեան Նոպելի Մրցանակակիր Տիար Ատոլֆօ Բերեց Էսքիվալի ու անոր ընկերացող 4 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան։ Ժամը 12-ին Պապերու Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ընդունեց Միջկրօնական խորհրդակցութեան Հրէական Միջազգային Կոմիտէի 30 անդամները։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 17-ին ընդունեց Սրիլանքայի Գոլոմպօ Թեմի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ալպէրդ Մալքոլմ Բադապէնտիճ Տոն Րանժիդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.