2013-06-24 14:04:59

Յունական Իշխանութիւնները Մտադիր Են Տեսֆա Ընկերութիւնը Ազրպէյճանին Վաճառելու


Յունական իշխանութիւնները մտադիր են բնական կազի ՏԵՍՖԱ ընկերութիւնը 400 միլիոն եւրոյով վաճառել ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ ընկերութեան, որուն իբրեւ արդիւնք Աթէնք պիտի վաճառէ կազի արդիւնաբերութեամբ զբաղող ընկերութեան բաժնետոմսերուն 60 առ հարիւրը:
Ինչպէս ՌՊՔ կը ներկայացնէ, ՏԵՍՖԱ-ի բաժնետոմսերուն 35 առ հարիւրը կը պատկանի «Հելլենիք Փեթրոլիում» ընկերութեան, իսկ 31 առ հարիւրը` յունական կառավարութեան, որ վաճառքի պարագային պիտի ստանայ շուրջ 188 միլիոն եւրօ:
Բացի ՍՈՔԱՐ-էն, ՏԵՍՖԱ-ն կ՛ուզէին գնել նաեւ ռուսական «Սինթեզ» եւ յունական «Փի.Փի.Էֆ.-Թեռնա» ընկերութիւնները, որոնք, սակայն, յունիսին հրաժարած են այդ միտքէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.