2013-06-24 14:04:22

Իգնատիոս Մալոյեան՝ Հաւատարիմ Առաքեալը, Առաքինի Եկեղեցականն Ու Միաբանը


Շաբաթ 22 յունիսին, Զմմառ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ երանելի Իգնատիոոս Մալոյեանի նուիրուած աղօթք, որու ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վարդապետ Պետրոսեանինը:

«Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ՝ Հոգեւոր Տէր,
Արհիապատիւ՝ Գերապայծառ Տէր,
Գերապայծառ՝ Մեծաւոր Հայր,
Գերյարգելի Գերապատիւ Վարդապետներ,
Արժանապատիւ՝ Քահանաներ,
Բարեշնորհ՝ Սարկաւագ,
Սիրելի ժառանգաւորներ
Երանի՜ այն անձին որ Տիրոջ կանչին հաւատարիմ կը մնայ, երանի՜ այն քահանային որ Տիրոջ այգիին հաւատարիմ ծառան կը մնայ, երանի՜ այն աշակերտին, որ Տիրոջ ապագայ ոչխարներուն առաքինի դաստիարակ կը հանդիսանայ:

1. Մալոյեան՝ Եռանդուն ժառանգաւորը
Այսօր կ'ուզեմ ձեզի խօսիլ Երանելի Մալոյեանին մասին, ինչպէս որ ես զինք հասկցայ:
Մալոյեան կը ծնի ընտանիքի մը մէջ, որուն արմատները լի էին քրիստոնէական դաստիարակչական մանանէխի հատիկներով, իր մայրը դարձաւ իր առաջին ուսուցչուհին, որմէ սորվեցաւ, քրիստոնէական բարոյագիտական արժէքներն ու անոնց մէջ հմուտ ըլլալը:
Ան դարձաւ, Քրիստոսի հաւատարիմ ծառան, սուրբ Պատարագի զոհերուն սպասաւորութեան ընթացքին: Սիրեց իր Գերագոյն Ուսուցիչը եւ զգաց թէ որքան սիրուած է, անոր կողմէն, եւ թէ պէտք է հաւատարիմ մնալ այս Սիրոյ Բարի Աստուծոյն:
Իր ժողովրդապետը տեսնելով իրեն մէջ քահանայական կոչումի յստակ նշաններ, հարց ու փորձէ մը ետք՝ զինք Զմմառու վանք կ'ուղղարկէ:
Զմմառու եկեղեցւոյ մէջ, մեծ հանդիպում մը կ'ունենայ Վանքիս պահապան ու պաշտպան Տիրամօր հետ: Իր Սիրտը կը յանձնէ այս քաղցր Մօր, եւ իրեն նման «իր ամբողջ էութեամբ Աստուծոյ իրեն պատրաստած ծրագրին կ'ընդառաջէ, Տիրամօր նման յստակ այո՛ մը ըսելով, որուն մէջ բարեպաշտութեան եւ աղօթասիրութեան ճշմարիտ նշանները կ'երեւնան»:

Մալոյեան իր ժառանգաւորութեան ընթացքին, աստուածային լուսաւորումով կ'իմանայ ինչ ըսել է Աստուծոյ կողմէն կանչուիլ, ընդառաջել ու ամրանալ քահանայական ձեռնադրութեամբ եւ հլու հնազադ ըլլալ իր մեծաւորներուն:
Հակառակ իր ֆիզիքական տկարութիւններուն, ան հաւատարմօրէն կ'աշխատի, երկու յստակ մարզերէն ներս, նախ՝ եռանդուն առաքինի նորընծայ ըլլալու եւ ապա աշակերտիլ իր երկնաւոր ուսուցիչին եւ գիտէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ջամբել իր հաւատարմիներուն:
Զմմառու Տիրամօր պատկերին դիմաց, ծնրադրած, ան մեծ ջերմեռանդութեամբ կը հայցէ իր երկնաւոր Մօրմէն անոր մայրական գթութիւնը միաբանութեանս իւրաքանչիւր անդամին վրայ, եւ այսպիսով կ'արժանանայ մարեմասէր եւ եռանդուն ժառանգաւորի համբաւին, որով ան բարի օրինակը կը հանդիսանայ իր ժամանակակից կղերականներուն եւ իրեն յաջորդ սերունդներուն, ցոյց տալով Զմմառու Տիրամօր՝ մայրական եւ գուրգուրոտ դիմագիծը:
Իր խօսքերէն են. «Մեծարենք միշտ Աստուծոյ գթութիւնը ու գովաբանենք զայն, Նաեւ Սուրբ Կոյսին բարութիւնն ու քաղցրութիւնը»:
«Տենչս, որ Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութիւնը մնայ միշտ պաշտպան եւ պահապան Աստուածամօր այս տան»:
Պարտինք մենք ալ, երանելիին կողմէ մեզի յանձնուած այս ճշմարտութեան ջահը, բարձր պահել եւ զայն յանձնել յաջորդ սերունդներուն:

2. Մալոյեան՝ Առաքինի Քահանան
Մալոյեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 6 օգոստոս 1869-ին: Այս առթիւ, ան կ'ընտրէ Իգնատիոս անունը յատուկ նպատակի մը համար, որ է Սուրբ Իգնատիոսի օրինակին հետեւելով՝ տարածել մի միայն մէկ պատգամ, իր Գերագոյն ուսուցիչին Սիրոյ պատգամը:
Այս եկեղեցիին պատերը, տակաւին կը դղրդան իր կրօնաւորական երէք առաքինութիւններուն կատարած հաւատարմութեան խոստումը. «Ողջախոհութեան, հնազանդութեան եւ Աղքատութեան»: Ապա ան իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ թէ ինչ ըսել է հաւատարիմ ըլլալ, հաւատարի՜մ եւ դարձեալ հաւատարիմ՝ այս գեղեցիկ երեք առաքինութիւններուն: Ան եղաւ Աստուածային սրբութեան հայելին իր ողջախոհութեամբ, որուն մէջ հաւատացեալները կը տեսնէին ու կ'ըմբոշխնէին Աստուծային շնորհքներու քաղցր բուրմունքը: Իր հնազանդութեան առաքինութեան վեհութեամբ, ան եղաւ Աստուծոյ առաքինի քահանան, ու իր կամքը մեծաւորներուն ձեռքերուն մէջ դրաւ , ու երջանկութեան մէջէն հաւատացեալները տեսան թէ ինչ ըսել է Աստուծոյ հնազանդիլ, մեծ վստահութեամբ:
Մալոյեան եղաւ իր Ուսուցիչին նման, աղքատ եւ խոնարհ, այս առաքինութիւններով իր ոչխարները յստակութեամբ կը ճանչնային իրենց հովիւին ձայնը, որովհետեւ ան այս բոլորը կը կատարէր, մղուած երեք Աստուածաբանական առաքինութիւններէն՝ Հաւատքէ, Յոյսէ եւ Սէրէ: Ան այս բոլորը կ'ընէր Աստուծոյ մեծ սիրոյն եւ փառքին համար, մէկդի դնելով իր անձնական փառքն ու խեղճութինները:

3. Մալոյեան՝ Սրբակեաց Առաջնորդը
Մալոյեան վարդապետին, եպիսկոպոսական օծումը զինք աւելի ամրապնդեց, որպէս ճշմարտութեան խիզախ քարոզիչ, Սիրոյ հաւատարիմ առաքեալ եւ բարի հովիւ:
Ան վկայեց ճշմարտութեամբ, խոր հաւատքով եւ քաջութեամբ, հետեւելով իր Ուսուցիչին հարազատ օրինակին:
Սրբակեաց Հովիւը իր Հօտին գլուխը անցած, պայքարեցաւ, անկարելին կարելի դարձնելու համար եւ այսպէս ան Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտի եւ Իսկական Հօր մը յիշատակը թողուց բոլորին:

Ան հանդիսացաւ հաւատարիմ քարոզիչ՝ Խօսքին: Սիրեց իր ժողովուրդը եւ սիրուեցաւ իր զաւակներէն:
Սէրը քարոզեց ո՛չ միայն խօսքով, այլ՝ գործով եւ իր ուսուցիչէն բխող սիրոյ վտակները հոսեցան իր ծննդավայրէն ներս:
Ան իր միաբանութենէն եւ թեմէն ներս, իր ուսուցիչին, Իմաստութեան մարմնացումը դարձաւ, եւ ասիկա՝ամենա դժուար ժամերուն եւ խնդիրներուն ընթացքին:
Երկնաւոր Յոյսի կանթեղը կանգնեց իր հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ:

Ան Սիրոյ մեծ ապացոյցը տուաւ իր ամբողջ առաքելութեան ընթացքին, յատկապէս, իր Նահատակութեան Սուրբ Դրոշմով, երբ յաւիտենականութեան դռները բացաւ իր ժողովուրդին եւ իր միաբանակից եղբայրներուն, փաստելով Քրիսոտսոի քաղցր խօսքը.«Ան որ կը մնայ մէջս եւ ես անոր մէջ ան շատ պտուղ կու տայ» (Յովհ. 15, 5):
Իսկ այսօր, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատարիմ առաքեալը, անգամ մը եւս կու գայ մեզի յիշեցնելու այս երէք խօսքերը:
1. «Սէրը կը Շինէ»(Ա. Կորնթ. 8, 1):
2. «Աստուծոյ փառքը, վանքին օգուտը, դիտէ միշտ»:
3. «Աստուծոյ Փառքը, վանքին օգուտը, միաբանութեան բարգաւաճումը, դիտէ միշտ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.