2013-06-24 14:04:32

Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Թիւը Հասած Է 18 Տարուան Ընթացքին Առաւելագոյն Ցուցանիշին» Կ՛ըսէ ՄԱԿ


«Կազեթա», վկայակոչելով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի 19 յունիսին հրապարակած զեկուցումը, կը հաղորդէ, որ աշխարհի վրայ իրենց տունը ստիպողաբար լքածներուն թիւը 2012-ին հասած է շուրջ 45.2 միլիոնի: Այս թիւը վերջին 18 տարուան ընթացքին առաւելագոյն ցուցանիշն է:
Ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարութեան տուեալներուն, այսօր գաղթական կը նկատուի 15.4 միլիոն մարդ, 937 հազար մարդ ապաստան կը փնտռէ, իսկ 28.8 միլիոնն ալ ներքին տեղահանուած անձեր են: Միեւնոյն ժամանակ զեկուցումին մէջ հաշուի չեն առնուած Սուրիոյ բնակիչները, որոնք ստիպուած եղած են ընթացիկ տարուան մէջ իրենց երկիրը լքել:
Արձանագրուած աճին հիմնական պատճառը պատերազմն է. ինչպէս զեկուցումին մէջ կը նշուի, իրենց տուները լքածներուն 55 առ հարիւրը այն երկիրներէն է, ուր զինուորական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս` Աֆղանիստան, Սոմալի, Իրաք, Սուրիա եւ Սուտան:
Գաղթականներու թիւով առաջին դիրքը, ինչպէս վերջին 32 տարիներուն, կը գրաւէ Աֆղանիստան: Ըստ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարութեան, աշխարհի վրայ մօտաւորապէս ամէն չորրորդ գաղթականը ծնունդով Աֆղանիստանէն է:
Զարգացող երկիրները կը հիւրընկալեն գաղթականներուն մեծ մասը` 81 առ հարիւրը: 2012-ի տուեալներով` յառաջատարը Փաքիստանն է` 1.6 միլիոն մարդ, երկրորդը Իրանը` 868,200 մարդ, իսկ երրորդը Գերմանիան` 589,700 մարդ:
Զեկուցումը հրապարակուած է Գաղթականներու միջազգային օրուան նախօրեակին, որ կը նշուի 20 յունիսին:
«Կիպրոս Եւրոյի Գօտիէն Դուրս Գալու Չի Պատրաստուիր» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս յայտարարած է, որ Կիպրոս չի պատրաստուիր եւրոյի գօտին լքելու, հակառակ անոր որ կառավարութիւնն ու կիպրացի ժողովուրդը հիասթափուած են եւրոյի խումբի վերջին որոշումներէն եւ եւրոպացի գործընկերներուն կողմէ համերաշխութեան պակասէն:
Կիպրոսի ղեկավարը ընդգծած է, որ Կիպրոսին պարտադրուած դաժան տնտեսական միջոցառումները եւ դրամատնային հատուածի վերակազմաւորումը ճգնաժամի դէմ պայքարի միակ տարբերակները չեն: Ըստ անոր, անհրաժեշտ են ծրագիրներ, որոնք պիտի ապահովեն տնտեսական աճ եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծում:
Ան յայտնած է, որ երկրին իշխանութիւնները այդ առնչութեամբ դիմած են Եւրոպական Միութեան` օգնութիւն տրամադրելու համար:
«Կիպրոս Եւրոպայի կը պատկանի, եւ կառավարութեան այդ դիրքորոշումը կը կիսէ երկրին քաղաքական կուսակցութիւններուն մեծ մասը», յայտարարած է Անասթասիատիս:







All the contents on this site are copyrighted ©.