«Սուրիոյ Կացութիւնը Խոր Կսկիծ Է Մեզի Համար» Շեշտեց Եազիժի Պատրիարքը
Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին նախագահութեամբ,
շաբաթավերջին Պալամանտ վանքի եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մատուցուեցաւ առ ի զօրակցութիւն Հալէպի
մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն: Եազիժի
պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը ցաւին Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն համար`
աւելցնելով, որ Սուրիոյ այսօրուան կացութիւնը իրենց համար խոր կսկիծ է եւ շեշտելով միաժամանակ,
որ երկու առաջնորդներուն կեանքը համակ նուիրում եղած է իրենց ժողովուրդին: «Մենք կը
խոնարհինք այդ ծառայութեան դիմաց եւ կը մաղթենք անոնց ազատ արձակումը», ըսաւ ան: Եազիժի
պատրիարքը մաղթեց նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի դառնայ: Նշենք, որ առեւանգուած
առաջնորդներուն համար մատուցուած աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ իսլամ համայնքը
եւ քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններ: