2013-06-24 14:13:11

«Իրան Սուրիոյ Եւ Անոր Ժողովուրդին Վրայ Արտաքին Կամքի Պարտադրում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Սալեհի


Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա արեւմտեան եւ արաբական երկիրներու կողմէ զինեալ խմբաւորումներու միջոցով մղուող համապարփակ պատերազմ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Իրան Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին վրայ արտաքին կամքի պարտադրում պիտի չարտօնէ:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման, Սալեհի նշեց, որ «այդ ժողովին վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած»` աւելցնելով, որ կարգ մը երկիրներ անկեղծ եւ ուղղակի կերպով արտայայտուած են ի նպաստ Իրանի` այդ ժողովին մասնակցութեան, իսկ այլ պետութիւններ այդ մէկը անուղղակի կերպով կատարած են: Ան վստահեցուց, որ Իրան այդ ժողովին պիտի մասնակցի, եթէ զայն գումարելու համաձայնութիւն գոյանայ:
Պատասխանելով Սուրիոյ վարչակարգին աջակցութեան վերաբերող Իրանի քաղաքականութեան մասին հարցումի մը` Իրանի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «այս առումով Թեհրանի քաղաքականութիւնը յստակ է: Սուրիական տագնապին առաջին օրէն յայտնեցինք, որ սուրիացի ժողովուրդը անհրաժեշտ ազատութիւնները պէտք է ունենայ եւ կառավարութիւնը ժողովուրդին օրինական պահանջներուն պէտք է ընդառաջէ` ընդգծելով, որ Իրան սուրիական հարցին մէջ արտաքին միջամտութիւնները կը մերժէ»:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայէն ուժերու ներկայութեան, Սալեհի ըսաւ, որ «Հըզպալլայի մեր եղբայրները ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն եւ անոնք պէտք չունին ուրիշներու կողմէ պաշտպանուելու»:
Խօսելով սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու ծրագիրին մասին` Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ «օտարազգի վարձկանները զինելը Սուրիոյ տագնապի երկարաձգման եւ արիւնահեղութեան շարունակման կ՛առաջնորդէ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.