2013-06-23 10:50:27

Քահանայապետի Թուիթը ''Ամէնքս Մեղաւոր Ենք - Բայց Կեղծաւոր Չ՛ըլլանք''


Կիրակի 23 յունիսին Քահանայապետական Թուիթթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը

Ամէնքս մեղաւորներ ենք։ Սակայն խնդրենք Տիրոջմէ որ կեղծաւորներ չ՛ըլլանք։ Կեղծաւորները չեն գիտեր ինչ է ներողամտութիւնը, ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը։

Իսկ շաբաթ 22 յունիսին թուիթը եղաւ.

''Եթէ կեանքի իմաստը գտանք Յիսուսի մէջ, չենք կրնար անտարբեր մնալ տառապողի մը դիմաց, տխուրի մը դիմաց։''

Յայտնենք որ մի քանի օր առաջ Սրբազան Քահանայապետի թուիթթերեան կայքէջի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց արդէն 7 միլիոն օգտատերերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.