2013-06-22 10:27:20

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Սուրիական Ընդդիմութեան Զէնքի Մատակարարումը Արգիլող Բանաձեւ Մը Ներկայացուցած Են


Մինչ ամերիկեան վարչակազմը կը ջանայ սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար Քոնկրեսի հաւանութիւնը ստանալ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի չորս անդամներ ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կ՛արգիլէ սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել, որովհետեւ, ըստ իրենց, ամերիկեան վարչակազմը «Սուրիոյ մէջ վտանգներով լեցուն միջամտութեան» մասին տեղեկութիւններ չէ ներկայացուցած:
Դեմոկրատական ծերակուտականներ Թոմ Օտալ եւ Քրիս Մըրֆի, ինչպէս նաեւ հանրապետական ծերակուտականներ Մայք Լի եւ Ռանտ Փոլ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ գոյութիւն չունի որեւէ երաշխիք, թէ այդ զէնքերը անբաղձալի կողմերու ձեռքը պիտի չանցնին







All the contents on this site are copyrighted ©.