2013-06-22 10:53:25

2013՝ Հայ Մօր Տարի
Հռչակուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։


Արդի Հայ Մօր դերը ՜՜որպէս առաջնորդող՝՝ ընկերային երկսեռ յարաբերութիւններու մէջ։
Յատկապէս ընկերային երկսեռ յարաբերութիւններու մէջ, արդի հայ մայրը ՜՜զգուշաւորութիւն, ինքնազսպում եւ հեռատեսութիւն՝՝ կ՝առաջադրէ, լայնօրէն կը խօսի իր զաւակներուն, սանձարձակութեան վտանգներու մասին եւ կը ներկայացնէ պատուախնդիր կեանքին առաւելութիւնը։
Ան չ՝ազդուիր զաւակներու ընդդիմութենէն, երբ գիտէ թէ զինք կ՝որակեն կեանքի ընթացքին յապաղած ու պահպանողական մայր։
Կը մնայ իր տեսակէտին վրայ, ջանալով ցոյց տալ նման կենսաձեւի մը ունենալիք բարերար ազդեցութիւնը զաւակներու կեանքին վրայ։
Իր այս ընթացքով՝ արդի հայ մայրը, թէեւ շատ յաճախ ուշ, կ՝արժանանայ իր զաւակներու ամբողջական սիրոյն եւ յարգանքին։ Կը հանդիսանայ տիպար մը, յատկապէս աղջիկ զաւակներու համար, որոնք անկասկած որ կը շարունակեն ապրիլ մօր կեանքը, վերակրկնել զայն մասնաւորաբար իրենց ամուսնութենէն ետք, վերաստեղծել մօր՝ կեանքի հանդէպ ունեցած փիլիսոբայութիւնը։
Իսկ մանչ զաւակներուն համար, մայրը կը դառնայ ամենախոր ապրումներու եւ տպաւորութիւներու շտեմարանը, որուն ազդեցութիւնը ոչ մէկ ուժ կարող է ջնջել անոնց հոգիներուն մէջէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.