2013-06-21 12:01:29

Վիեննայի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Պիտի Մասնակցի Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Վեհաժողովին


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրիա: Հայաստանի նախագահը Վիեննայի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին, ուր կը քննարկուին Եւրոպական Միութեան տնտեսական, քաղաքական զարգացումներուն եւ միջազգային արդի խնդիրներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Օրակարգին մէջ, մասնաւորաբար, ներառուած են տնտեսական աճի, աշխատատեղերու ստեղծման, տնտեսութեան մրցունակութեան բարձրացման, Եւրոպական Միութեան աւելի սերտ տնտեսական եւ դրամական միութեան զարգացման հետ կապուած խնդիրները: Վեհաժողովին մասնակիցները կարծիքներ պիտի փոխանակեն ազգային մակարդակի վրայ կառուցուածքային բարեփոխումներու իրականացման, Եւրոպական Միութեան 2013 թուականի եզրափակուող կիսամեակի արդիւնքներուն վերաբերեալ: Անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ շրջանային եւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան առնչուող հարցերուն







All the contents on this site are copyrighted ©.