Հին եւ տառական ըմբռնումով «Սուրբ» բառը պարզապէս կը նշանակէ «մաքուր»: Այդ իմաստը պահած
է մինչեւ այսօր: «Սրբել» բայն ալ կը նշանակէ «մաքրել»: Հետեւաբար «սուրբ» բառը նախքան
բարոյական եւ կրօնական նշանակութիւն առնելը, գործածուած է նիւթական իրերու համար` նիւթապէս
«մաքուր»ի իմաստով: Օրինակի համար, այն ոսկին, որով Աստուած հրամայած էր պատել Իսրայէլի
ժողովուրդին ամէնէն նուիրական առարկան հանդիսացող Ուխտի Տապանակը, պէտք էր ըլլար «սուրբ
ոսկի», մաքուր, զուտ, անխառն: Նոյնն էր պարագան «սրբել» բային համար, որով նախքան
բարոյական եւ հոգեւոր մաքրագործումի իմաստ ստանալը` գործածուած է Ֆիզիքապէս մաքրուելու
առումով: Օրինակ` Յակոբ Նահապետ, երբ կը պատրաստուի զոհի սեղան մը կառուցանել Բեթելի
մէջ, կ՛ըսէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն. «Վերցուցէք ձեր մէջէն օտար աստուածները եւ
մաքրուեցէք ու փոխեցէք ձեր լաթերը»: Նոյնպէս երբ Աստուած անձամբ պիտի խօսի Իսրայէլի ժողովուրդին,
կը պատուիրէ Մովսէսի ըսելով. «Գնա ժողովուրդին եւ սրբէ զանոնք, եւ թող լուան իրենց լաթերը»: Սրբութիւնը
սակայն ուրիշ իմաստ մըն ալ ունի: «Սուրբ» կը կոչուի նաեւ որեւէ իր, առարկայ կամ անձ,
ինչպէս կ՛ըսէ Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան, որ կը զատուի իր տեսակին մէջէն եւ կը յատկացուի
նուիրական նպատակի մը, եւ իբրեւ այդ` կը ստանայ յատուկ օրհնութիւն: Արարիչն Աստուած իր
ստեղծագործութեան աւարտումէն ետք` եօթներորդ օրը կը հանգստանայ իր գործերէն: Այս պարագային
Շաբաթ օրը «սուրբ յայտարարուեցաւ», որովհետեւ զատուեցաւ եօթնեակի միւս օրերէն ու նուիրուեցաւ
հանգստեան ու յատուկ պաշտամունքի սրբազան նպատակին` ստանալով իր օրհնութիւնը ուղղակի
Աստուծմէ»: Ինչպէս ակնարկեցինք Սուրբերը ուրեմն ջոկուած են միւս մարդոցմէ ըլլալու
համար նոր մարդ. զատուած են մարդոցմէ` ըլլալու համար ապրող մարդիկ, ինչպէս կը հաստատէ
Յովհաննէս Առաքեալ . « Աստուած իր Որդին ղրկեց, որպէսզի Անոր միջոցաւ կեանք ունենաք»: Ստոյգ
է, որ սուրբերը ապրած են աշխարհի մէջ ու մարդոց հետ, սակայն իրականութեան մէջ աշխարհէն
չեն, ինչպէս քրիստոս ինք աշխարհէն չէր, ըստ իր հաստատումին: Յովհաննէս առաքեալ կ՛ըսէ.
« Մի սիրէք աշխարհը եւ անոր մէջ եղածները: Ով որ աշխարհը կը սիրէ, անծանօթ է Աստուծոյ
սիրոյն: Աշխարհի մէջ եղածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մարմնի ցանկութիւն, աչքի ցանկութիւն
եւ երկրաւոր կեանքի ամբարտաւանութիւն, որոնք չեն բխիր Հօրմէ, այլ աշխարհէն: Պիտի անցնին
թէ՛ ամխարհը եւ թէ՛ իր ցանկութիւնները: Բայց ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեանս
պիտի մնայ»: Ուստի կեանքի սրբութիւնը ուրիշ չէ եթէ ոչ Հաւատալ Աստուծոյ եւ Անոր Որդիին,
ընդունիլ Քրիստոսը իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ. զերծ պահել իր անձը աշխարհի ապականութիւններէ
եւ պղծութիւններէն: Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք այս աշխարհի համար կ՛ատեն իրենց
անձը, որպէսզի ժառանգեն զայն յաւիտենական կեանքին մէջ: Սուրբերը այն մարդիկ են, որոնք
աղքատ են երկրաւոր ինչքերով, սակայն հարուստ շնորհքով եւ առաքինութիւններով: Սուրբերը
այն մարդիկ են նաեւ, որոնք օտարականներ են աշխարհին, բայց միացած են Աստուծոյ եւ Անոր
մտերիմ բարեկամներն են: Երանի թէ՛ հայազգի եւ օտարազգի սուրբերուն օրինակը շիջանի
բոլորին մէջ բաղձանքը յառաջանալու առաքինութեան ու սրբութեան մէջ: