Դամասկոսն ու Հալէպը Ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Վտանգուած Կառոյցներու Ցանկին Մէջ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն վտանգուած մշակութային կառոյցներու ցանկին մէջ ընդգրկած է սուրիական հինգ
բնակավայրեր եւ մէկ ամրոց, որ կը գտնուի Հոմս քաղաքի տարածքին: Այս մասին կը յայտնէ ԻԹԱՌ
ԹԱՍ-ը։ Ցուցակի մէջ ընդգրկուած են Դամասկոսը, Պուսրան, Հալէպը, Փալմիրան, եւ “Հուսն”
ամրոցը: Կազմակերպութեան բանաձեւի մէջ ըսուած է, որ զինուած հակամարտութեան պայմաններու
մէջ հնարաւոր չէ ապահովել այդ կառոյցներու պաշտպանութիւնը: Այդ բոլոր կառոյցները արդէն
ընդգրկուած էին Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։