2013-06-20 14:38:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Ս. Երկրի Ու Միջին Արեւելքի Օգնութեան Հասնող Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու 86-րդ Ժողովին Առթիւ։


Հինգշաբթի 20 յունիսի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Գոնչիսդորօ կոչուած սրահին մէջ ընդունեց Ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքի օգնութեան հասնող բարեսիրական կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Հռոմի մէջ իրենց 86-րդ նիստը գումարեցին։
Սրբազան Հայրը քաջալերական խօսք մը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ` Ձեր եղբայրօգնութեամբ Միջին Արեւելքի ու Ս. Երկրի քրիստոնեաներուն դուք կը դրսեւորէք Աստուծոյ սէրը Քրիստոսի մէջ, որուն խաչելութիւնը վեհագոյն ու լուսաւոր նշանը եղաւ անոր ողորմութեան հանդէպ բոլոր մարդոց։
Որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս իմ պարտականութիւնս է ամէնքդ հաւատքի մէջ հաստատել ու խրախուսել եղբայրօգնութեան։ Այս պատճառաւ կը հրաւիրեմ ձեզ համագործակցիլ Յիսուսի հաւատքով ու սիրով։ Սիրոյ մեր վկայութեամբ մեր գործերը կը դառնան պտղաբեր ու արդիւնաբեր։ Յարատեւեցէք ձեր այս աշխատանքին մէջ։ Եկեղեցին Աստուծոյ կը պատկանի ու աշխարհին կու տայ Աստուծոյ զօրութիւնը որ կը կայանայ սիրոյ մէջ։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Ղպտի եւ Գաղտէացի պատրիարքները ու Ս. Երկրի Պահակը ըսաւ` մեզմէ կը խնդրուի աղօթքի մէջ յարատեւութիւն ու վստահութիւն, որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ յուսացուած խաղաղութիւնը, համակեցութիւնը ու դրական զօրակցութիւնը։
Հուսկ Սրբազան Հայրը սրտաճմլիկ կոչ մը ժողովուրդներու պատասխանատուներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն ու կրօներու ներկայացուցիչներուն ու բարի կամք ունեցող այրերու ու կիներու, որպէսզի վերջ դրուի վիշտի, բռնութեան, կրօնական, մշակութային ու ընկերային խտրականութեան։
Մահասփիւռ բախումները թող տեղ տան կենսաբեր հանդիպումի ու հաշտութեան։ Եկեղեցին ձեզի հետ է, ձեզի կը զօրակցի, ձեզմէ կը խնդրեմ որ ամէն ջանք թափէք որպէսզի ամոքէք փախստականներուն ցաւերը։ ֆրանչիսկոս Քահանայպետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով . Կեանքի Տիրոջ կը յանձնեմ անհամար զոհերը եւ Աստուածածնէն կը խնդրեմ որ մխիթարէ վշտահարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.