2013-06-20 12:33:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ճառը ֆաօ-ի 38-րդ Վեհաժողովի Մասնակիցներուն։


Հինգշաբթի 20 յունիսի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետը, Գլեմենդինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ֆաօ-ի 38րդ վեհաժողովի 400 մասնակիցներուն։ Ան ապա ժամը 11,30-ին ընդունեց ''Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութիւն'' բարեսիրական մարմնի 68րդ ժողովի 70 մասնակիցները։

Ֆաօ - ի ներկայացուցիչներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց զանոնք ընդունելու Վատիկանի մէջ, 60 տարի է ի վեր գոյութիւն ունեցող աւանդութեան համաձայն։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով հանդիպման նշանակութեան` շեշտը դրաւ ''հաւասարութեան եւ արդարութեան'' անհրաժեշտութեան ու ամէն մէկ մարդ էակի հանդէպ յարգանքի կարեւորութեան վրայ ։
Անձը ու մարդկային արժանապատուութիւնը վերացականութեան վտանգի ենթարկուած են պատերազմի, ուժի կիրարկումի, ապասնունդի, հիմնական ազատութիւններու սահմանումի դիմաց եւ կամ ֆինանսական չարաշահութեան որ ուտեստեղէնի գինը կը պայմանաւորէ առանց նկատի ունենալու անոնց հիմնական կարեւորութիւնը։
Մեր պարտականութիւնն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը - միջազգային գետնի վրայ վերառաջարկել Անհատը ու Մարդկային Արժանիքը ոչ որպէս կոչ այլ որպէս ''կոթող'' որուն վրայ կերտել համատեղ կանոններ եւ կառոյցներ որոնք յաղթահարելով գործնականապաշտութիւնը կարող ըլլան դիմագրաւել բաժանումները եւ լիացնել տարբերութիւնները։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է հակազդել տնտեսական կարճատես շահերը եւ մի քանիներու վերապահուած իշխանութեան տրամաբանութիւնները որ աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը մէկդի դրած աղքատութիւն եւ անտեսում կը յառաջացնեն, պատճառ դառնալով ընկերութիւններու կազմալուծման, անհրաժեշտ է նաեւ - աւելցուց Քահանայապետը - պայքարիլ անարդարութիւն արտադրող ապականութեան դէմ։

Մեր ապրած իրողութիւնը եթէ ուղղակիօրէն կապուած է ֆինանսական եւ տնտեսական գործոններու ան նաեւ արդիւքն է հայացքներու եւ արժէքներու ճգնաժամին։Այս մէկը կը պահանջէ ֆաօ-ի կազմակերպութեան լուրջ եւ գիտակից վերատեսութիւն մը որ մղէ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը ըլլալու ''բարի սամարացիի'' նման որ ոչ միայն բարեգթութենէ մղուած ուզենայ բաժնեկցիլ իր ունեցածը ուրիշին հետ այլ նաեւ կիսել անոր ցաւն ու մտահոգութիւնը։

Ֆաօ-ի կազմակերպութենէն, անոր անդամ երկիրներէն ինչպէս նաեւ միջազգային հասարակութեան իշխանութիւններէն կը պահանջուի ''սրտբացութիւն''։ Յաղթահարել անտարբերութիւնը եւ ուշադրութիւն ընել անմիջական պահանջներուն այն յոյսով որ այսօրուայ ներգործութեան արդիւնքները քաղուին ապագային ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա իր ճառին մէջ ակնարկեց գաղթականութեան իրողութեան որ այսօրուայ սննդական ճգնաժամին հետեւանքներէն մին է եւ որ միջազգային գետնի վրայ զօրակցութեան հոգիի կարօտը ունի։ Անա ապա անդրադարձաւ յաջորդ տարուայ ''հողագործութեան ընտանիքի'' նուիրուած նիւթին, հաստատելով որ ընտանիքը հիմնական վայրն է ուր ամէն մէկ անհատ կ՛աճի եւ որուն միջոցաւ մարդ արարածը կը բացուի կեանքին եւ ուրիշներու հետ յարաբերութեան։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսքը եզրափակեց ընգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներուն դերը ու անոնց մօտիկութիւնն ու յանձնառումը միասնաբար կերտելու ''առարկայական զօրակցութիւն'' մը որ յառաջացնէ հանդիպումի եւ զօրակցութեան մշակոյթը։
Սուրբ Աթոռը ձեր կողքին է - յարեց Նորին Սրբութիւնը - ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ օրհնեց անոնց առօրեայ աշխատանքը ի սպաս յետիններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.