2013-06-20 12:38:04

Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Սրահին Մէջ. Նանօր Հաճեանի Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն


Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Այնճարէն նրբագիծեր» թեմայով Նանօր Հաճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը ՀԿՀՄ-ին անունով արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ նշեց, թէ ՀԿՀՄ-ը իր հիմնադրութեան օրերէն մնայուն կերպով քաջալեր հանդիսացած է հայ մշակոյթին եւ ժառանգութեան պահպանման ծառայող աշխատանքներուն` իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ բերելով իր մասնակցութիւնը: Ան աւելցուց, որ ցուցահանդէսին նիւթական շահը պիտի տրամադրուի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի նախակրթարանի վերանորոգութեան ծրագիրներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.