2013-06-19 14:26:53

Օպամա, Փութին Եւ Հոլանտ Արցախի Հակամարտութեան Կողմերուն Խաղաղութեան Կոչ Կ՛ընեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցած «Ութեակի խմբակ»ի գերաստիճանին մասնակցող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներու ղեկավարները Երեքշաբթի, Յունիս 18ին Արցախի հարցով համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան:
Ըստ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարութեան մէջ ըսած են. «Կը շարունակենք աջակցիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն՝ կայուն եւ խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով: Մենք մեր խորին հիասթափութիւնը կ՛արտայայտենք, որ բանակցային գործընթացին ընթացքին, փոխանակ համատեղ հետաքրքրութիւններու վրայ հիմնուելով խնդիրին լուծում գտնելու՝ կողմերը կը շարունակեն ձգտիլ միակողմանի շահերու ապահովման: Վստահ ենք, որ վերջին 4 տարիներուն ընթացքին մեր երկիրներուն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ առկայ դրոյթները պէտք է հիմք հանդիսանան ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար եւ կայուն կարգաւորման համար: Այդ դրոյթները պէտք է դիտել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, քանի որ իւրաքանչիւր փորձ՝ ուղղուած անոնցմէ մէկուն նախապատուութիւն տալուն, կը բացառէ հաւասարակշռուած որոշում կայացնելու հնարաւորութիւնը: Կը հաստատենք, որ միայն բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորումը կրնայ խաղաղութեան, կայունութեան եւ հաշտեցման յանգեցնել՝ տարածաշրջանային զարգացման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելով: Ռազմական ուժի կիրառումը, որուն հետեւանքով ստեղծուած է առճակատման եւ անկայունութեան այս վիճակը, հարցը չի կրնար լուծել: Ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ տարածաշրջանի բնակիչներուն համար, մարդկային զոհերու, կործանումներու, գաղթականներու աճի պիտի առաջնորդէ եւ ահռելի ծախսերու պատճառ պիտի դառնայ: Մենք հաստատակամօրէն բոլոր կողմերու ղեկավարներուն կոչ կ՛ընենք անգամ մը եւս հաստատելու Հելսինքեան սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու դիրքը, մասնաւորապէս՝ ուժ չկիրառելով կամ նման սպառնալիքներով հանդէս չգալով, նաեւ յարգելու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ու ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Կոչ կ՛ընենք նաեւ զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան սրել տարածաշրջանին լարուածութիւնը: Ղեկավարները պէտք է ժողովուրդները խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի նախապատրաստեն: Մեր երկիրները պատրաստ են համագործակցելու կողմերուն հետ, սակայն հակամարտութեան վերջ դնելու պատասխանատուութիւնը անոնց կ՛իյնայ: Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ տագնապի լուծման ձգձգումը անընդունելի է եւ կոչ կ՛ընենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն, որ նոր աշխուժութեամբ կեդրոնանան առայժմ անլոյծ մնացած հարցերու լուծման վրայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.