2013-06-19 14:27:00

Մատրիտի Մէջ. Նալբանդեան Մշակութային Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքեց Սպանացի Իր Գործընկերոջ Հետ


17 յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սպանիա այցելութիւնը:
Մատրիտի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան նախ հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Կարսիա-Մարկալիոյի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր սպանացի գործընկերոջ Մատրիտ այցելելու հրաւէրին համար` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ հայ-սպանական յարաբերութիւնները փոխադարձ բարեկամութեան դրսեւորումներով դարերու պատմութիւն ունին, ինչ որ լաւ հիմք կը հանդիսանայ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման համար: Ողջունելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը` Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը գործուն քայլեր ձեռնարկելու տարբեր մարզերու մէջ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ խորացնելու նպատակով:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Կարսիա-Մարկալիօ բովանդակալից զրոյց ունեցան տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղիներուն, միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու խթանման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին միջազգային օրակարգի խնդիրներուն շուրջ:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի եւ Սպանիոյ միջեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը»:
Համաձայնագիրով նախատեսուած են երկու պետութիւններու պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերեալ գիրքերու հրապարակումներ, մատենագիտական նիւթերու փոխանակումներ, համագործակցութեան զարգացում երաժշտութեան, բեմական արուեստի, թատրոնի, օփերայի, պալէի եւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ դերասանական խումբերու եւ մենակատարներու փոխանակումներ:
Սոյն փաստաթուղթով կողմերը պարտաւորուած են կարելիութիւն ընձեռել հայ եւ սպանացի քաղաքացիներուն մուտք ունենալ պետական գրադարաններ, արխիւներ եւ այլ մշակութային, կրթական եւ գիտական հաստատութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.