2013-06-19 15:34:28

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿ


Ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կը յայտնենք, որ յառաջիկայ 2013-2014 տարեշրջանին պիտի տօնակատարենք Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակը: Արժանավայել կերպով գնահատելու համար վարժարանի անցեալի գործունէութիւնը, սփիւռքեան իրականութեան մէջ շեշտելու համար հայ վարժարանին դերն ու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հանգրուանի ուղենիշները ճշդելու մեկնակէտով, յառաջացած է պատուոյ եւ գործադիր մարմիններ: Առաջինը պիտի ստանձնէ նախաձեռնութիւններու ընդհանուր հովանաւորութիւնը, մինչ երկրորդը` պիտի կատարէ ծրագրաւորման, գործադրութեան կազմակերպական եւ յարաբերական աշխատանքները:
Պատուոյ մարմինին մաս կը կազմեն պրն. Վարուժ Ներկիզեան (նախագահ-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Արհի. Հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան (Լիբանան), Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան (Լիբանան), պրն. Ժան Պօղոսեան (Պելճիքա), պրն. Յարութ Սասունեան (Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներ), պրն. Ռազմիկ Փանոսեան (Փորթուգալ), մեթր Յակոբ Չուխատարեան (Լիբանան), տիկին Էլիզապէթ Սիուֆի (Լիբանան), պրն. Արա Ահարոնեան (Ֆրանսա), փրոֆ. Անժելօ Պոզիօ (Իտալիա) եւ պրն. Առաքել Մինասեան (Լիբանան)։
Իսկ գործադիր մամինին անդամներն են` Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան (նախագահ), պրն. Կրէկուար Գալուստ (Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն), Հայր Վարդան վրդ.Գազանճեան, Պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան, պրն. Գրիգոր Թերզեան, պրն. Աւետիս Կիտանեան, տոքթ. Կոստան Եափուճեան, տիկին Ռոզին Էլէյճեան, տիկին Հիլտա Հալլաճեան, տիկին Սեդա Սիմիտեան, օրդ. Իզապէլ Լեւոնեան, պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան, պրն. Շանթ Չիւրիւքեան եւ պրն. Աւօ Գարաքէշիշեան:
Գործադիր մարմինը արդէն երեք ամիսէ ի վեր սկսած է ամսական հերթականութեամբ գումարելու իր ժողովները` սերտելով ծրագիրներու իրագործման կարելիութիւնները:
Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի այլ նախաձեռնութիւններուն շարքին նախատեսուած են հետեւեալ գլխաւոր հինգ ծրագիրները` 75-ամեակի գովաբանական Ս. Պատարագ ու բացման հանդիսութիւն, լիբանանեան հասարակութեան պաշտօանական հանդիսութիւն, մարզական հանդէս ու գեղարուեստական յայտագիր, համահայկական ակադեմական խորհրդաժողով եւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Հրատարակչական առումով, լոյս պիտի տեսնեն վարժարանի անցեալն ու ներկան ներկայացնող հատոր մը, լուսանկարներու ալպոմ, ինչպէս նաեւ արաբերէն գրքոյկ մը:
Յայտնենք, որ Ուրբաթ, 14 Յունիս 2013-ին, Գործադիր մարմինը հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիէ Հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայացուեցաւ 75-ամեակի ծրագիրին նախագիծը եւ առաջադրանքները, հայցելով հայրապետին օրհնութիւնը։
Մեսրոպեան վարժարանի յոբելենական այս շարժառիթը կը հետապնդէ 75-ամեակէն դէպի 100-ամեակ ապահով երթի հիմքերուն հաստատման ծառացող գլխաւոր եւ էական նպատակը:
75-ամեակը պաշտօնապէս պիտի սկսի Հոկտեմբեր 2013-ին եւ իր աւարտին պիտի հասնի Դեկտեմբեր 2014-ին: Հետագային, մամուլի ճամբով մեր հասարակութեան կը փոխանցենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.