Մարսէյլի Մէջ Անրի Վերնոյի Անունով Հրապարակ Պիտի Բացուի
Յունիս 17-23 Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ «ֆրանս-հայկական գերազանցութեան
շաբաթ» ձեռնարկներու շարք: Մէկ շաբաթուան բոլոր միջոցառումները պիտի հեռարձակուին Մարսէյլի
հայկական «ARARAT TV»-ի ուղիղ եթերով: Այս մասին կը յայտնէ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ
ծառայութիւնը: Ձեռնակրկները կազմակերպած են` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը «Terre d`
Armenie» կազմակերպութեան, «ARARAT TV»-ի տնօրէն Ռիչըրտ Ֆինդիկեանի, Մարսէյլի փոխքաղաքպետ,
«Didier Parakian» հիմնադիր Տիտիէ Պարակեանի, Մարսելի Հայ-ֆրանսական առեւտրաարդիւնաբերական
պալատի, եւ Մարսէյլի 13, 14-րդ թաղամասերու թաղապետ, Մարսէյլի հայ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան
տան ղեկավար Կարօ Յովսէփեանի հետ համատեղ: Յունիս 17-ին Հայաստանի պատուիրակութիւնը,
Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան եւ Մարսէյլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սիրմաքեսը
այցելած են բացուելիք Անրի Վերնոյի հրապարակ: Հիւրերու շարքին եղած են` Մարսէյլի փոխքաղաքապետեր
Ռոլան Պլում, Դանիէլ Հերման եւ Տիտիէ Պարակեան, Մարսէյլի 13 եւ 14-րդ թաղամասերու թաղապետ
Կարօ Յովսէփեան եւ այլք: «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթուան» ծիրէն ներս ՀՀ
սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է նաեւ լիբանանահայ Մովսէս Հերկելեանի
եւ հայ նկարիչներու նուիրաբերած նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքը, որ պիտի տեւէ մինչեւ
Յունիս 23 եւ նկարներու վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայերու
համար նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն: «Միստրալ» սրահին մէջ կայացած է «Անրի
Վերնոյ» ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը, որուն մասնակցած են Քլոտիա Քարտինալէ, Օմար
Շէրիֆ, Ժաքի Ներսէսեան, Նաթալի Ռուսէլի, Իզապէլ Սադոյեան եւ Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութիւնը:
Բոլոր ձեռնարկները ուղիղ եթերով ցուցադրուած են «CLUB ARARAT TV»-ով: Ուշ երեկոյեան
ՀԲԸՄ Մարսէյլի մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ կայացած է կալայ ընթրիք, որուն մասնակցած
են ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, օրուան պատուաւոր հիւրեր Քլոտիա Քարտինալէն,
Օմար Շէրիֆը, Ժաքի Ներսիսեանը, Նաթալի Ռուսէլին, Իզապէլ Սադոյեանը, Պաթրիք Մալաքեանը
եւ այլոք: