2013-06-18 12:06:12

Մամլոյ Ասուլիս Ներկայացնելու ''Մանուկներու Շոգեկառքը - Գեղեցկութեան Ընդմէջէն Ուղեւորութիւն Մը'' Ծրագիրը։


Երեքշաբթի 18 յունիսի ժամը 12-ին Սուրբ Աթոռի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու համար, ընկերա-հոգեբանական հարցերու զոհ եւ դժուարութեան մէջ ապրող մանուկներու նուիրուած` ''Մանուկներու Շոգեկառքը - Գեղեցկութեան Ընդմէջէն Ուղեւորութիւն Մը'' ծրագիրը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 23 յունիս 2013-ին։

Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ, Տիար Մաուրօ Մորէդդի` Իտալիոյ Շոգեկառքի ընկերութեան Գործադիր Տնօրէնը, Հայր Լորան Մազաս ''Ոչ Հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրի տնօրէն եւ վերոյիշեալ մանուկներու նուիրուած ծրագիրը կազմակերպող` Տիկ. Բադրիցիա Մարդինէս։
Իտալիոյ շոգեկառքի ընկերութիւնը տրամադրած է գնացք մը Միալնոյէն, Պոլոնիայէն եւ ֆիրէնցէէն Հռոմ փոխադրելու համար 450 մանուկներ իրենց ընկերացողներու հետ միասին, որոնք Կիրակի 23 յունիսի կէսօրին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ պիտի մասնակցին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.