Թրիփոլիի Եւ Թարիք Ժտիտէի Մէջ Ճամբաները Կը Փակուին Հրկիզուող Անիւներով
Թրիփոլիի եւ Թարիք Ժտիտէի մէջ երէկ հրկիզուող անիւներով քաղաքացիները փակեցին ճամբաները,
իսկ բանակը ամէն ջանք թափեց բանալու այդ ճամբաները: Թրիփոլիի Սուրիա փողոցին մէջ արձանագրուեցան
նաեւ զինեալ բախումներ, իսկ Թրիփոլիի միջազգային ճամբան երկար ատեն փակ մնաց: Թրիփոլիի
մէջ արձանագրուած այդ շարժումները կը նկատուէին բողոքի ցոյցեր այն իրականութեան համար,
թէ բախումներէն տուժած որոշ ընտանիքներուն անունները չէին նշուած` օժանդակութիւններ ստացող
ընտանիքներուն անուանացանկին մէջ: Միւս կողմէ, Պէյրութի Մարզական աւանին մօտ եւս կատարուեցան
նման ցոյցեր եւ հրկիզուող անիւներով փակուեցան ճամբաները` իբրեւ բողոք Թարիք Ժտիտէի մէջ
երկու անձերու ձերբակալութեան դէմ: Երկու անձերը Ժեզզինի եւ Նապաա ընտանիքներու անդամներէն
են եւ անոնք ձերբակալուած են Քայիտայի ցանցին անդամակցութեան պատճառով: Նկատի ունենալով
բողոքի ցոյցերը եւ ապահովութեան ուժերուն մօտ կատարուած քաղաքական միջամտութիւնները`
ձերբակալուած երիտասարդները չորս ժամ ետք ազատ արձակուեցան: