2013-06-18 12:53:23

Եւ Եօթներորդ Օրը, Տէրը Հանգչեցաւ (ԾՆՆ 2, 2)


Մօտօրէն արձակուրդները կը սկսին եւ արդէն իսկ, ամիս-ներէ ի վեր, մարդիկ ան-համբեր կը սպասեն այս սքանչելի օրերը, երբ վերջապէս պիտի անջատուին, որոշ ժամանակի մը համար, ամէնօրեայ աշխա-տանքի ունակութենէն եւ ջղայնութենէն:
Ս. Գիրքը կը թելադրէ երկրագործ-ներուն որ եօթներորդ տարին բան մը չցանեն իրենց արտին մէջ, որպէսզի հողը հանգչի՝ ալ աւելի պտղաբեր դառնալու համար յաջորդ տարին:
Կարեւոր հարցում մը կը ներկա-յանայ մեր առջեւ. «Ինչո՞ւ արձակուրդի կարիքը ունինք»: Մեր մարմինը կը յոգնի եւ պէտք ունի հանգիստի՝ որպէսզի կարենանք շարունակել մեր կեանքին առօրեան: Տարուան ընթացքին, շարունակ կը գտնուինք գիրքերու եւ թերթերու դիմաց, գործին ցնցումը մեզ կը ճնշէ, ուրեմն մարդ հանգիստի պէտք կը զգայ, ազատ շնչելու եւ խոկալու իր հոգեւոր կեանքին մասին:
Ծովափը պտտիլ, լեռները մագլցիլ եւ գեղեցիկ արեւը, ծաղիկները, թռչունները եւ Աստուծոյ բոլոր տուած պարգեւները վայելելը մեզի մեծ հաճոյք կը պատճառեն, բայց ամենամեծ նուէրը կը մնայ այս բոլոր գեղեցկութիւները վայելել, Աստուծոյ փառք տալով ստեղծած այս բոլոր սքան-չելիքներուն համար:
Արձակուրդներուն ընթացքին մարդս կը խորացնէ իր սէրը ու կը փոխա-դարձէ զայն՝ անոնց որոնք պէտքն ու կարիքը ունին:
Արձակուրդի երթալ չի նշանակեր հեռաւոր երկիր մը այցելել կամ առանձ-նանալ՝ ֆիզիքական հանգիստ մը գտնելու համար, այլ կը նշանակէ ներքին ճամբոր-դութիւն մը կատարել մեր սրտին ու մտքին մէջ, ամրացնելու համար ընտանեկան եւ ընկերային կապերը, որոնք յաճախ մակ-երեսային կերպով կ’ապրինք՝ ի հետեւանք մեր գործի յոգնութեան: Արձակուրդներուն հանգիստը մեզի կ’արտօնէ վերաքննելու մեր յարաբերութիւները որոշ անձերու հետ՝ զոր նախապէս կը ստորագնահա-տէինք, չխախտելու համար յարաբե-րութիւնները:
Արձակուրդները ապրիլ կը նշանակէ ամէնօրեայ կեանքի չոր անապատը կտրել, մագլցիլ դժուարին լեռները որոնք մեզ կ’արգիլեն աւելի հեռու տեսնել: Այս անկողմնակալ զուգակշիռ հայեացքը անձերու եւ յարաբերութիւններու նկատ-մամբ՝ շատ կարեւոր կը դառնան, որով-հետեւ ան կրնայ կասկածի առջեւ դնել հիմերը մեր գոյութեան եւ բարելաւել պայմանները մեր կեանքին, խոր կերպով եւ հանգստօրէն ապրելով զանոնք: Այսպէս, արձակուրդները կը ներկա-յացնեն ներքին աշխատանքի եւ խորհըր-դածութեան շրջան մը: Ֆրանսայի նախկին մշակոյթի նախարարը՝ Անտրէ Մալրօ, իրաւունք չունէ՞ր երբ կ’ըսէր թէ, մեր կեանքին ընթացքին կը վազենք հասնելու համար տեղ մը, որպէսզի ի վերջոյ զզուինք: Այս առումով է որ մարդ մը կը հակազդէ իր կնոջ, երբ ան անընդհատ կը շեշտէր տունէն ելլելու փափաքը: Առ ի պատասխան, մարդը՝ կնոջ փաստելու համար որ ան շրջապատուած է բազմաթիւ աշխարհներով որոնցմէ տեղեակ չէ, աշխարհի քարտէս մը գնէ՝ հասկցնելու համար իր կնկան որ նախ պէտք է ինք զինք ճանչնալ, նախքան փորձել ուրիշ անձեր եւ վայրեր հասկնալ: Այսպէս ար-ձակուրդները դատարկ ժամանցի պահեր չեն, այլ հարուստ են հոգեւոր կատա-րելութեամբ :
Երբեմն կը մոռնանք թէ մեր ջղայ-նութեան պատճառը մեր մտածումներն են, ինչպէս նաեւ մեր ապրելակերպը մեր ընտանիքին, մեր ընկերներուն եւ մեր գործակիցներուն հետ, յատկապէս մեր ընկերներուն շրջանակին հետ:
Պէտք չէ մոռնալ որ աղքատները մի-ջոց չունին արձակուրդի երթալու, եւ թէ մեր պարտականութիւնն է՝ որպէս Յի-սուսի հաւատարիմ վկաներ, անոնց օգնել, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրոստոսը իր կեանքը աղքատներուն յատկացուց : Բե-նեդիկտոս Ժ՝Զ· Սրբազան Քահանայա-պետը մեզի կը բացատրէ թէ արձակուրդ-ները միմիայն մարմնային հանգիստի շրջան մը չեն, այլ ժամանակ մըն են հարստացնելու մեր հոգեւոր կեանքը՝ աղօթելով եւ հոգեւոր մտածականներ կա-տարելով: Այս լռութեան եւ աղօթքի պա-հերուն, մենք կը մօտենանք Աստուծոյ եւ կ’ամրացնենք մեր կապը Յիսուս Քրիս-տոսի հետ :
Քրիստոսի հաւատքը մեզ կ’ուսացնէ թէ ֆիզիգական հանգիստը՝ մեր մարմինը կը զօրացնէ, բայց աղօթքն է որ կը սնու-ցանէ եւ կը կազդուրէ մեր հոգին, եւ ըստ այնմ կ’ուժեղացընէ մեր միութիւնը Յի-սուսի հետ՝ որը մեզի կ’օգնէ մեր կեանքին բարեշրջման վստահութիւն ներշնչելով մեր էութեան վրայ:
Երթանք, օգտուինք մեր արձակուրդ-ներէն որովհետեւ կեանքը գեղեցիկ է:







All the contents on this site are copyrighted ©.