2013-06-17 15:58:01

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Վենեզուելլայի Հանրապետութեան Նախագահը։


Երկուշաբթի 17 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Վենեզուելլայի Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Նիքոլաս Մատուրօ ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Իրագի Փոխ վարչապետ Տիար Րաուշ Շուէյսի ու անոր ընկերացող շքախումբին, հուսկ ժամը 12-ին ընդունեց Հոնգ Քոնկի երբեմնի Եպիսկոպոս Կարտինալ Ժոզէֆ Զէ Գիուն։

Յայտնենք որ Վենեզուելլայի Հանրապետութեան Նախագահը Սրբազան Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընկերային եւ քաղաքական իրավիճակը Հուկօ Շավէզ նախագահի մահուընէ ետք ինչպէս նաեւ արծարծուեցան այժմէական հարցեր ինչպէս աղքատութիւնը, յացագործութեան եւ թմրեցուցիչներու վաճառման դէմ պայքարը։ Խօսուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան ու անոր դերին նա մանաւանդ առողջապահական, դաստիարակչական եւ ողորմածութեան ասպարեզներէն ներս ու այս առընչութեամբ անկեղծ ու յարատեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան ընդմէջ Կառավարութեան ու Տեղական Եպիսկոպոսական Ժողովին։


Նշենք թէ երկուշաբթի 17 յունիսի երեկոյեան ժամը 19,30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Հռոմի Թեմի գումարած Եկեղեցական Համաժողովի առթիւ, կը նախագահէ աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպումը որուն ընթացքին ժողովականներուն կը ներկայացնէ ''Ես Աւետարանէն չեմ ամչնար'' խորագրով խորհրդածութիւն մը։ Համաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ Հռոմի Թեմի Նուագախումբը։
Վերոյիշեալ համաժողովը կը շարունակուի նաեւ երեքշաբթի 18 յունիսին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ որուն ընթացքին Նովարայի Եպիսկոպոս` գերապայծառ ֆրանքօ Ճուլիօ Պրամպիլլան զեկոյց մը կը ներկայացնէ որ ունի որպէս նիւթ ''Եկեղեցական հասարակութեան յանձնառումը որպէս պատասխանատուութիւն քրիտոնեաներուն` քարոզելու Յիսուս Քրիստոսը''։ Զեկոյց կ՛ունենայ նաեւ Հռոմի թեմի տեպաղահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին որ կը ներկայացնէ թեմի ''Հովուական ուղղութիւնները։'' Համաժողովը վերջ կը գտնէ չորեքշաբթի երեկոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.