2013-06-17 12:24:12

Վատիկանի Դրամատան Հոգեւոր Վարիչի Նշանակում, Յանձին Գերապայծառ Պադիսդա Ռիքքայի։


Վատիկանի դրամատան կարտինալական յանձնախումբը, Սրբազան Քահանայապետի վաւերացումով, գերապայծառ Պադիսդա Ռիքքան նշանակեց որպէս ժամանակաւոր հոգեւոր վարիչ վերոյշեալ հաստատութեան։
Գերապայծառ Ռիքքա, ծնած է 1956, մաս կը կազմէ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարութեան դիւանագիտական սպասարկութեան բաժնին։ Ան նաեւ տնօրէնն է Վատիկանի Սրբուհի Մարթա տան, ուր բնակութիւն հաստատած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ինչպէս նաեւ այլ վատիկանի պատկան նմանօրինակ տուներու ուր կ' իջեւանին քահանաներ ու եպիսկոպոսներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.