2013-06-17 13:11:24

Սդրազպուրկի Մէջ Հանդիսաւոր Պատարագ Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ Կիւրեղ Եւ Մեթոտիոս Երկու Սուրբ Եղբայրներու Մեծն-Մորավիա Հաստատուելուն 1150-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Երեքշաբթի 18 յունիսին Սդրազպուրկի մէջ նախատեսուած է ծիսակատարութիւն մը ի պատիւ Եւրոպայի պաշտպան սուրբեր Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս երկու եղբայրներու Մեծն-Մորավիա հաստատուելուն 1150-րդ տարեդարձին առթիւ։ Անոնք հանդիսացան ռավհիրաները Կեդրոնական Եւրոպայի պատմութեան ու մշակոյթին։ Պատարագը պիտի գլխաւորէ Սդրազպուրկ թեմի առաջնորդը` արքեպիսկոպոս Ժան-Բիեռ Կրալլէ, ներկայութեամբ կարտինալ Տուքայի` արքեպիսկոպոսը Փրակա թեմին եւ Եւրոպայի խորհուրդի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Ալտօ Ճորտանոյի։
Յայտնենք որ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս երկու սուրբ եղբայրներու պատգամը կը յենու հանդիպումի ու երկխօսութեան վրայ եւ սատարեց արդի Եւրոպայի ստեղծումին ուր ի յայտ կու գան հարստութիւնները արեւելեան ու արեւմտեան Եւրոպայի աւանդութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.