2013-06-17 12:02:16

Լքուած Հայկական Եկեղեցին Կը Սպասէ Իր Տէրերուն. Թուրք Գիւղացիին Կոչը Հայերուն


Թուրքիոյ Եուքսէքօվա շրջանի Էսենտերէ բնակավայրի Ետիվերէն գիւղին մէջ կանգուն վիճակի մէջ կը շարունակէ գոյատեւել 1600-ամեայ հայկական եկեղեցին: Կառուցումէն ետք եկեղեցին շրջապատուծ է քարէ պարիսպներով, եւ անոնց շնորհիւ մինչեւ այսօր ան ամբողջապէս կանգուն է: Եկեղեցին ունի ծիսական արարողութիւններու, հոգեւոր սպասաւորներու համար առանձին սրահներ, ինչպէս նաեւ հարսանեկան արարողութիւններու համար նախատեսուած 3 առանձին սենեակներ: Եկեղեցին բաւական գեղեցիկ է եւ աւելի կը գեղեցկանայ շրջակայքի բնութեան շնորհիւ: Եկեղեցւոյ ոչ հեռու կ’առանձնանայ ջրվէժը: Իսկ ջրվէժին եւ եկեղեցւոյ միջեւ կայ նաեւ քարանձաւ: Քարանձաւի մուտքին մօտ պատերը զարդանախշուած են խաչով, զանազան կենդանակերպի նկարներով, եւ նշաններով:
Ըստ panorama.am-ին՝ թրքական «haberFX9 կայքը կը տեղեկացնէ, որ 1915 թուականին այդ եկեղեցին լքուած է, իսկ եկեղեցւոյ 150 քիլօ գանգը` գողցուած: Եկեղեցւոյ մօտ հայերու բնակատեղի հանդիսացող Պաժիրկէ Էմրիքէոյի բնակիչներուն մէկ մասը գաղթած է Իրան, իսկ միւս մասը` Ռուսաստան: Պաժիրկէ հայկական բնակավայրը յետագայ տարիներուն ոչնչացուած է, իսկ աւելի ուշ դրացի գիւղի բնակիչներուն համար օգտագործուած է իբրեւ արօտավայր:
12 Սեպտեմբեր 1980-ի յեղաշրջումէն ետք երկրի շատ վայրերու մէջ ոչնչացուած են պատմամշակութեանին շարք մը եկեղեցիներ, յուշարձաններ: Յիշեալ եկեղեցին կանգում մնացած է զուտ այն բանի շնորհիւ, որ Ետիվերէն գիւղը սարքերու համար անցանելի ճանապարհ չէ ունեցած: Ետիվերէն գիւղի բնակիչներէն Իսլամ Եմենը ըսած է, որ իրենց բնակավայրը պատմամաշկութային կոթողներով հարուստ տարածք է եւ անոնք կերտած են հայերը: Ան հայերուն կոչ ըրած է վերադառնալ եւ տէր կանգնիլ իրենց կոթողներուն: Իսլամ Եմենը տեղեկացուցած է, որ իրենք իրենց ուժերուն ներածին չափ կը պահպանեն եկեղեցին, սակայն այն վերանորոգելու կարիք ունի: Անոր համոզումով, եթէ եկեղեցին վերականգուի, ապա կը նպաստէ այդ բնակավայրի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.