2013-06-17 13:19:27

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ի Նպաստ Օգնութիւն Բարեսիրական Մարմինի 86-րդ Ժողովը Վատիկանի Մէջ։


17 - 20 յունիս Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ ''Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն'' բարեսիրական մարմինի 86-րդ ժողովը։
Ժողովին կը մասնակցին Ղպտիներու պատրիարք` գերերջանիկ Իպրահիմ Սիտրաք եւ գաղտէացիներու պատրիարք` գերերջանիկ Ռափայէլ Ա. Սաքօ, որ անցեալ յունուարին ընտրուաեցան որպէս վերոյիշեալ բարեսիրական մարմնի անդմաներ։
Երկու պատրիարքներու տուած տեղեկութիւններու եւ փորձարութիւններու լոյսով է որ պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու առաքելութեան հայող հարցեր։
Ժողովականներու ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ մասնաւորապէս Սուրիոյ դժուար կացութեան վրայ, որուն մասին պիտի տեղեկագրէ Տամասկոսի առաքելական դսեպան` գերապայձառ Մարիօ Զէնարին։ Նոյնպէս Երուսաղէմի առաքելական պատուիրակը գերապայծառ Լածարեթթօ եւ Ս. Երկրի Պահակը ֆրանչիսկեան հայր Բիցապալլա` ժողովականներուն ուշադրութեան պիտի հրաւիրեն Ս. Երկրի կացութիւնը։
Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8,30-ին կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին պատարագ կը մատուցէ Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն բարեսիրական մարմնի բոլոր բարերարներու դիտաւորութեան ու նաեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։
Հինգշաբթի 20 յունիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ժողովականներուն։
Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին մաս կը կազմեն արեւմտեան 10 երկիրներէ 20 պատկան կաթողիկէ բարեսիրական մարմիններ։ Յայտնենք որ Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը հիմնուած է 1968-ին Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովէն, ունենալով որպէս կէտնպատակ օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի ու ս. Երկրի պաշտամունքի, կղերի կազմութեան, դաստիարակչական ու դպրոցական հաստատութիւններուն եւ ընկերա-առողջապահական կեդրոններուն։ Վերոյիշեալ Մարմնի նախագահն է Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահը` ներկայիս կարտինալ Սանտրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.