2013-06-17 11:51:28

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Հովուապետական Այցելութիւնը Լեհաստան


7-էն 10 յունիս 2013, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Լեհաստան, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մէջ ծառայող Ֆրանչիսքեան քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհիին հրաւէրով, մասնակցելու համար միաբանութեան հիմնադիր՝ Marguerite Lucie Sawchikի երանացման արարողութեան Քրաքովիայի մէջ՝ 9 յունիսին: Այս այցելութեան ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ'ընկերակցէր տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան:

Ուրբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի զաւակներուն հետ, որոնց տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ իր անդրանիկ հանդիպումին մասին, որ տեղի ունեցած էր նախորդ օրերուն։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը միաժամանակ խրախուսեց հայ համայնքին զաւակները հաւատարիմ մնալու իրենց նախնիներուն նման՝ Քրիստոսի հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն:

Շաբաթ, 8 յունիսին, Քրաքովիայի համայնքին հրաւէրով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ընկերակցութեամբ Վարշավիայի ժողովրդապետ՝ տէր Արթիւր վրդ. Աւտալեանի, այցելեց «Սուրբ Նիկողայոս» լեհ եկեղեցին, որուն շրջաբակին մէջ զետեղուած է Լեհաստանի հայկական առաջին խաչքարը: Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը բացատրեց խաչքարի իմաստը, նշելով որ խաչքարը կ՚արտայայտէ Հայուն ժայրանման անսասան հաւատքը, եւ իսկ խաչքարին վրայ գտնուող տերեւները, որոնք տարուան 12 ամիսներուն կանաչ կը մնան, կը խորհրդանշեն յաւերժականութիւնը: Ապա, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ մայրապետներու մայր վանքը, ուր սուրբ Պատարագ մատոյց վանքին մատրան մէջ: Կէսօրէ ետք, ան այցելութիւն տուաւ Կլիվէցէ քաղաքի հայ կաթողիկէ համայնքին, ներկայութեամբ իրենց հովիւին՝ Տէր Թադէոս Զալէսքի Իսաքովիչի, եւ քաղաքի լատին եպիսկոպոսին՝ որ եկած էր Հոգեւոր Տիրոջ բարի գալուստ մաղթելու։ Կլիվէցէի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Հոգեւոր Տէրը ըստ պատշաճի աղօթք ըրաւ ապա ներկաներուն խօսք մը ուղղեց, անոնց կոչ ուղղելով հաստատ մնալու իրենց հաւատքին եւ ազգային սկզբունքներուն մէջ: Նշենք, որ այս բոլոր առիթներուն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երանելի Մալոյեանի սրբապատկերը բաշխեց հաւատացեալներուն, յիշեցնելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին պատշաճ ձեւով նախապատրաստուելու կարեւորութիւնը։

Նոյն օրը՝ Լուպլինի աստուածաբանական կաճառի տնօրէնը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հրաւէր ուղղեց մասնակցելու իրենց տարեկան ելոյթին, յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին: Երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ ընթրիքի մը Քրաքովիայի արքեպիսկոպոսարանին մէջ, քաղաքի առաջնորդ՝ կարդինալ Ստանիսլաւ Ճիվիչիի հրաւէրով: Ընթրիքին ներկայ եղան քահանայապետական սրբադասման հարցերու խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Անճէլօ Ամաթօ եւ լեհ մի քանի եպիսկոպոսներ:

Կիրակի, 9 յունիսին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցեցաւ Ֆրանչիսքեան քոյրերու միաբանութեան հիմնադիր՝ Margueritte Lucie Sewchikի երանացման արարողութեան: Այս առիթով, ճաշկերոյթի հրաւիրուած էին կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, պետական եւ այլ անձնաւորութիւններ: Երեկոյեան, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Քրաքովիայի արքայական աթոռանիստ եկեղեցին, ուր կը գտնուի Լեհաստանի դարաւոր պատմութիւնը:

Երկուշաբթի, 10 յունիսին, Հոգեւոր Տիրոջ այցելեց Քրաքովիայի ակադեմիայի նախկին տնօրէն եւ ներկայ ընդհանուր քարտուղարը, նկատի ունենալով որ այս ակադեմիան հրատարակած է պատմաբան Մարքօ Եաքովի գիրքը՝ 1895-97-ի հայկական ջարդերուն մասին, ինչպէս նաեւ լեհերէնով այլ հատորներ հայկական մշակոյթի մասին:

Երեքշաբթի երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը՝ Պէյրութ, Հռոմ եւ Լեհաստան այցելութիւններէն ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.