2013-06-17 11:50:44

«Պոլսոյ Ճակատագիրը Ամբողջ Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի Եւ Եւրոպացիներուն Կը Վերաբերի» Կ՛ըսէ Էրտողան


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ հազարաւոր համակիրներու առջեւ խօսք մը արտասանեց` յայտարարելով, որ «Պոլսոյ ճակատագիրը ամբողջ Թուրքիոյ, Միջին Արեւելքի եւ եւրոպացիներուն կը վերաբերի»:
Ան ըսաւ, որ «հարիւր հազարաւորներ չկրցան ներկայ գտնուիլ, սակայն մեզի հետ են: Ես կ՛ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք մեզի եւ մեր կարծիքներուն կը զօրակցին` աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ»: Էրտողան շեշտեց, որ «Թուրքիոյ ճշմարտութիւնը ներկայ այս բազմութեան մէջ է»` նշելով, որ «գոյութիւն ունին արեւմտեան լրատուամիջոցներ, որոնք կը ծածկեն այս բազմութիւնը, սուտեր կը հրապարակեն եւ իրողութիւնները կ՛աղաւաղեն»:
Թուրքիոյ վարչապետը նշեց, որ «ան, որ կ՛ուզէ տեսնել, թէ Թուրքիոյ մէջ ինչ կը պատահի, պէտք է այս հաւաքէն մեկնելով պատկերը դիտէ»: Ան արեւմտեան լրատուամիջոցներուն «բազմամարդ հաւաքը տեսնելու» կոչ ուղղելէ ետք ըսաւ, որ «մենք ժողովրդավարութեան պատգամ մըն ենք եւ մեր կարծիքները օրինական միջոցներով կը յայտնենք»` աւելցնելով, որ «այսօրուան հաւաքին հարիւր հազարաւորները հրավառ նիւթեր չեն շալկած կամ անկարգութիւններ կատարել չեն փափաքիր»:
Էրտողան ըսաւ, որ ինք Կեզի այգիի ցուցարարներու պատուիրակութեան ըսած է, թէ իր համբերութիւնը հատած է, եւ պէտք է Կեզի այգին դատարկեն, այլապէս ինք այդ մէկը անձամբ պիտի կատարէ:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը բնութեան իսկական պաշտպան է, իսկ ընդդիմադիրները այդ բնութեան հետ որեւէ կապ չունին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Թաքսիմ հրապարակը պիտի պարպեմ, հակառակ Քըլըճտարօղլուի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու կամքին»:
«Թաքսիմի այգին Պոլսոյ ամբողջ բնակչութեան կը պատկանի եւ ոչ միայն ցուցարարներուն», յայտնեց Էրտողան եւ թուրք ժողովուրդին կոչ ուղղեց ընդդիմադիրներուն ցոյց կատարելու կոչերուն չընդառաջելու







All the contents on this site are copyrighted ©.