2013-06-15 10:37:06

Վիէթնամի Ու Ս. Աթոռի Ներկայացուցիչներու Միջեւ Աշխատանքային ժողով։


Վատիկանը կը յուսայ իր ներկայացուցիչը ունենալ Վիէթնամի մէջ։

Յունիս 13 եւ 14-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Վիէթնամի ու Ս. Աթոռի ներկայացուցիչներու աշխատանքային չորրորդ ժողովը, որուն ընթացքին Վատիկանի իշխանութիւնները բաղձանք յայտնեցին որ մօտ ապագային` Վատիկանը իր ներկայացուցիչը ունենայ Վիէթնամի մէջ։
Ներկայիս Վատիկանի առաջին ներկայացուցիչը Հանոյի մօտ` գերապայծառ Լէոբոլտօ Ճիռելլի` իր բնակութիւնը Վիէթնամէն դուրս հաստատած է։
Յայտնենք թէ այս վերջին տարիներուն դիւանագիտական կապերը Վիէթնամի ու Ս. Աթոռի միջեւ յառաջդիմութիւն արձանագրած են։ Անցեալ Յունուարին Վիէթնամի համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական այցելութիւն կատարած է Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.