2013-06-15 11:32:42

Սուրիոյ Բանակը Շրջափակած Է Հալէպ Քաղաքը


Ըստ ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականի տեղակալ Պեն Ռոդսի՝ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը քիմիական զէնք կը կիրառեն ապստամբներուն դէմ: Ըստ անոր` քիմիական զէնքի կիրառման հետեւանքով 100-150 մարդ մահացած է: Պեն Ռոտս նաեւ յայտարարած է, որ, ի պատասխան ատոր, Պարաք Օպամա որոշած է ռազմական օգնութիւն յատկացնել սուրիացի ապստամբներուն, սակայն չէ մանրամասնած, թէ ինչ զինատեսակներ կը պատրաստուին մատակարարելու:
Մինչդեռ Հալէպի մէջ գտնուող yerkirmedia հեռուստաընկերութեան թղթակից Մարիա Գաբրիէլեան յայտնած է, որ այսօր Սուրիոյ բանակը յատուկ գործողութիւն սկսած է Հալէպի ուղղութեամբ. շրջափակած են քաղաքը եւ կը պատրաստուին վերջնականապէս մաքրել զայն ապստամբներէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.