2013-06-15 11:31:55

Պան Քի Մուն Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Տագնապին Հըզպալլայի Միջամտութիւնը


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը` դիտել տալով, որ այդ իրականութիւնը ՄԱԿ-ին համար մտահոգութիւն է:
Քի Մուն հաստատեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ վատթարացում` աւելցնելով, որ ՄԱԿ կը շարունակէ զօրակցիլ արաբական եւ միջազգային յատուկ բանագնաց Լախտար Իպրահիմիի ստանձնած առաքելութեան:
Քի Մուն կոչ ուղղեց սուրիական տարբեր կողմերուն` երկխօսութեան ընդմէջէն լուծելու իրենց երկիրը հարուածող տագնապը:







All the contents on this site are copyrighted ©.