2013-06-15 11:31:15

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Աշխատանքներու Աւարտը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ սկսած էր չորեքշաբթի, 12 յունիս 2013-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրն ըլլալով` 14 յունիս 2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները:
Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան: Այս առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Պէտք է, որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք մեր կեանքին մէջ: Պէտք է ճիշդ ձեւերը գտնենք, որ երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան մէջ մտնենք: Անցած է հրահանգելու ժամանակը: Պէտք է երկխօսութեան ճամբով խօսինք երիտասարդութեան հետ եւ հարցնենք, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ան: Այս ուղղութեամբ գլխաւոր երեք կէտերու մասին պէտք է խօսինք.-
« Ժողովի առաջին նիստի աւարտին կաթողիկոսը եզրակացուց. «Պէտք չէ բացասական դառնանք: Մեր հաւաքական կեանքին մասնակից է երիտասարդութիւնը: Սակայն անոր ներկայութիւնը պէտք է աւելի գործօն ու ամբողջական դարձնենքՀետեւաբար, հայ երիտասարդութեան կազմաւորման ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն պէտք է միանայ, ինչ որ անմիջականօրէն կապ պիտի ունենայ ու գիտակ ըլլայ համամարդկային արժէքներու համակարգին»:
Նիստէն ետք ընթերցուեցաւ սուրիահայութեան ի նպաստ յայտարարութիւն մը` «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային պարտականութիւն է» խորագիրով: Յայտարարութեան ընթերցումէն ետք կատարուեցան քննարկումներ յայտարարութեան գծով:
Երրորդ նիստը յատկացուած էր միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց: Ներկայացուեցան երկու զեկոյցներ, ուր մանրամասնօրէն նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աշխուժ դերակատարութիւնը միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործունէութեան մէջ` յանձինս Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Կիլիկեան միաբանութեան: Ապա ընթերցուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի վերաբերող յայտարարութիւնը, եղան քննարկումներ ու առաջարկներ, որոնցմէ ետք յայտարարութիւնը ժողովականներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ:
Ազգային Ընդհանուր ժողովի օրակարգի վերջին նիստի ընթացքին ընթերցուեցաւ Բանաձեւի յանձնախումբին զեկոյցը, որմէ ետք քննարկումներ կատարուեցան: Ապա թեմերէն առաջարկներ կատարուեցան:
Եզրափակելով Ազգային Ընդհանուր ժողովը` Արամ Ա. կաթողիկոս հայրական իր խօսքը ուղղեց բոլորին` գնահատելով այն կապուածութիւնը եւ նուիրումը, զորս ցուցաբերեցին պատգամաւորները` հանդէպ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Կաթողիկոսը ըսաւ. «Կաթողիկոսարանին մէջ կատարուող աշխատանքը չորս պատերու մէջ չի սահմանափակուիր, ոչ ալ միայն Լիբանանի, այլ` մեր բոլոր թեմերուն համար է, որ կը կատարենք մեր առաքելութիւնը: Հետեւաբար թեմերուն մասնակցութիւնը կը նկատենք անհրաժեշտ ու հրամայական: Թեմերը պէտք է կաթողիկոսարանին հետ գործակցին: Անթիլիասը իր ծառայութեամբ մնայուն ու կենդանի ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր թեմերուն մէջ»:
Սուրիահայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն անդրադառնալով` վեհափառը ըսաւ. «Սուրիահայ մեր գաղութին տագնապը համահայկական խնդիր է: Պէտք է այս գիտակցութեամբ շարունակենք մեր աջակցութիւնը: Մենք այդ տեսլականով պիտի գործենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ համահայկական մտածողութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ընդհանրական շահերուն առանցքը կը կազմէ»:
Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով շեշտեց, թէ` «համահայկական մտածողութիւնը, տեսիլքը, հայեցակէտը մեր սուրբ աթոռին ծառայութեան հիմքն է ու նպատակը: Մեր ժողովուրդը այս սուրբ աթոռէն սպասում ունի, եւ մենք այդ գիտակցութեամբ է, որ կը ծառայենք: Մենք սպասաւորներն ենք մեր ժողովուրդին, եւ ինչ որ կ՛ընենք մեր պարտաւորութիւնն է: Մենք գնահատանքի կարիքը չունինք: Մեր գործը, ծառայութիւնը կը կատարենք պատասխանատուութեան ոգիով եւ համարատուութեան գիտակցութեամբ: Մեր աթոռը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Մեր Աթոռին մեծութիւնն ու հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է»:
Հայրապետական եզրափակիչ իր պատգամի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց բոլոր պատգամաւորները: Յատուկ գնահատանք արտայայտեց շրջանաւարտ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան զոյգ ժողովներուն: Շնորհաւորեց նոր ընտրուած զոյգ ժողովները եւ բարի ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց անոնց: Ապա կաթողիկոսին «Պահպանիչ» աղօթքով ու իր օրհնութեամբ փակուեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք միաբաններն ու ժողովականները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»-ն ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը:
Երեկոյեան ժողովականները` Արամ Ա. վեհափառին գլխաւորութեամբ, Տըպպայէի «Լա Ռուայալ» պանդոկի «Ազուրէա» սրահին մէջ մասնակցեցան ճաշկերոյթի, որուն ընթացքին գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուեցաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.