2013-06-15 11:37:07

2013՝ Հայ Մօր Տարի
Հռչակուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ։


Արդի Հայ Մայրը Կեանքի Կենդանի Օրինակ
Արդի հայ մայրը մարդկային եւ ազգային արժէքներու փոխանցումը կը կատարէ առաւելաբար իր կեանքի օրինակով. շեշտը դնելով խօսքէն աւելի գործին ու կեանքին։
Արդի հայ մայրը իր տան չորս պատերուն մէջ չի սահմաներ իր միտքն ու հոգին։ Ան մնայուն կերպով կը կատարելագործէ ինքզինք։ Իր միտքը կը հարստացնէ արդի միջազգային կեանքը յուզող հարցերու շուրջ տեղեկութիւններ ու ծանօթութիւններ ամբարելով, օգտագործելով ընթերցանութեան գերազանցապէս զարգացնող գեղեցիկ սովորութիւնը, ու նաեւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ու այլ արդի միջոցները։
Ան յատկապէս կը հետեւի աշխարհի երիտասարդութիւնը տագնապեցնող հարցերուն, քայլ կը պահէ տարբեր երկիրներու մէջ երեւան եկող երիտասարդական շարժումներուն ընթացքին հետ։ Կ՝անդրադառնայ այդ շարժումներու ունեցած անդրադարձին՝ Հայ Երիտասարդութեան վրայ, իր դրական ու ժխտական երեւոյթներով։ Ու իր ամբարած տեղեկութիւններով արդի հայ մայրը ՜՜ՏԻԱԼՈԿԻ՝՝ կը նստի իր զաւակներուն հետ եւ կը պարզէ իր տեսակէտները, կը բացատրէ իր պահանջած սահմանափակումներուն դրդապատճառները, ցոյց կու տայ երիտասարդական շինիչ կամ յոռի արարքներուն արդիւնքները կամ հետեւանքները։
Յատկապէս ան ընկերային երկսեռ յարաբերութիւններու մէջ, ՜՜զգուշաւորութիւն, ինքնազսպում եւ հեռատեսութիւն՝՝ կ՝առաջադրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.