2013-06-14 13:31:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
ֆրանչիսկոս Պապ - Ժասդին Ուելպի Հանդիպում


Ուրբաթ 14 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վատիկանի մէջ ընդունեց Քանդերպուրրիի արքեպիսկոպոս` Ժասդին Ուելպի, Անկլիքան եկեղեցւոյ նորընտրեալ առաջնորդը, անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող շքախումբը։

Սրբազան Քահանայապետի եւ գերապայծառ Ուելպիի միջեւ առանձնական հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացում, նուէրներու փոխանակում եւ պաշտօնական զեկոյց ու ապա Վատիկանի Րէտէմդորէս Մադեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթքի պահ մը։

Այսօրուայ հանդիպումը առաջինը կը հանդիսանայ ընդմէջ ֆրանչիսկոս Պապին եւ Անկլիքան նորընտրեալ առաջնորդին, արդարեւ գերապայծառ Ուելպիի գահակալութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ 21 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութենէն երկու օր ետք, եւ այս պատճառաւ Ան չէր կարողացած գահակալութեան արարողութան մասնակցիլ։

Վերոյիշեալ հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խնդակցութիւն յայտնեց ուրախ առիթին` իրար հանդիպելու եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գերապայծառ Ուելպիին որ իր գահակալութեան օրը իր աղօթքներուն մէջ յիշած էր Սրբազան Քահանայապետը։
''Մեր գահակալութեան արարողութիւնները մէկը միւսը յաջորդեցին, առ այդ միշտ առիթ պիտի ունենանք փոխադարձ նեցուկ կանգնելու իրարու` աղօթքով - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ապա ակնարկեց երկու եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւններուն որոնք եղան ''երկար, բարդ եւ ցաւալի պահերով յատկանշուած''։ Թէեւ - շարունակեց Պապը - վերջին տասնեակներուն, մօտեցումի եւ եղբայրութեան գործընթացով պսակուեցան, որուն համար գոհունակութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ։ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյատեւող աստուածաբանական երկխօսութեան, առօրեայ համակեցութեան, յարգանքի ու համագործակցութեան ու այս առընչութեամբ նշեց Ուեսդմինսդերի Կաթողիկէ եպիսկոպոսի ներկայութիւնը եւ Պենտիկտոս ԺԶ-ի կողմէ Անգլիոյ մէջ հաստատուած` Անկլիքան եկեղեցիէն կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամակցող հաւատացեալներու համար, յատուկ թեմը։

Այօրուայ հանդիպումը առիթն է վերյիշելու թէ քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս յանձնառումը կը բխի Տէր Յիսուս Քրիստոսի կամքէն որ մեզ դարցուց իրեն եբայրակիցներ ու զաւակները Միակ Հօր։ Ասոր համար այսօրուայ մեր աղօթքը հիմնական կարեւորութիւն ունի որովհետեւ անոր միջոցաւ է որ մեր ամենօրեայ միութեան ճանապարհի յանձնառումը կը նորոգուի։

ֆրանչիկսոս Պապը հուսկ ակնարկեց քրիստոնեայ արժէքներու զարգացումին, ''հասարակութեան մը դիմաց որ յաճախ հարցականի տակ կը դնէ մարդկային կեանքի նուիրականութիւնը կամ ընտանիքի հաստատութիւնը որ հիմնուած է ամուսնութեան վրայ''։ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ընկերային արդարութեան տնտեսական նոր համակարգի մը ստեղծման կարեւորութիւնը որ գործէ ''մարդու ծառայութեան եւ հասարակաց բարիքին ի սպաս։''
Միութիւնը որուն անկեղծութեամբ կը ձգտինք վերէն տրուած շնորհք մըն է եւ կը հիմնուի մեր սիրոյ հաղորդակցութեան` Աստուծոյ, Որդւոյն ու Սուրբ Հոգիին հետ։

Քրիստոս արդարեւ պատուիրեց ''ուր որ երկու կամ երեք հոգիներ իմ անունովս կը հաւաքուին ես անոնց մէջ եմ։'' Ընթանանք ուրեմն դէպի միութիւն, միացած եղբայրական սիրով եւ որպէս հայեցակէտ ունենալով Յիսուս Քրիստոսը։ Անոր վրայ դնենք մեր յոյսերը որուն '' ներգործող զօրութիւնը մեր մէջ կարող է ընել անհունօրէն աւելի քան ինչ որ մենք կրնանք խնդրել եւ հասկընալ'' (Եփես. 3, 20)։ Եզրափակեց ֆրանչիկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.