2013-06-14 12:49:12

Վատիկան - ''Մանուկը Որպէս Անձ Եւ Որպէս Հիւանդ'' Նիւթով Գիտաժողով


''Կեանքի Աւետարան'' համաշխարհային օրուան առթիւ, Վատիկանի առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդը 14-15 յունիս միջազգային ժողով մը գումարած է ունենալով որպէս նիւթ ''Մանուկը որպէս անձ եւ որպէս հիւանդ` դարմանական մօտեցում ու խրախուսանք''։
Հաւաքը կը սկսի 14 յունիսին, Ս. Պետրոս տաճարի մէջ, մատուցուած Սուրբ Պատարագով զոր կը գլխաւորէ գերապայածառ Ծիկմունդ Ծիմովսքի` նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Ապա կը յաջորդէ ժողովին առաջին նիստը ''մանուկի խնամատարութիւնը'' նիւթին մասին։
Յետմիջօրէի նիստին կը մասնակցին մասնագէտ բիժիշկներ, հիւանդապահ-հիւանդապահուհիներ, կամաւորներ ու մատրանապետեր, եկած աշխարհի չորս ծագերէն։
Ժողովը կ'եզրափակուի շաբաթ 15 յունիսի յետմիջօրէին գումարուած նիստով որուն նիւթն է ''տառապող մանուկներու խնամատարութիւնը որպէս մարտահրաւէր Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.